ԱՊԱՏԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՄԱՂԹԷ

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի շնորհաւորեց լիբանանցիները իրենց նոր կառավարութեան համար, որ կազմուեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի գլխաւորութեամբ:

Ապատի նորակազմ կառավարութեան յաջողութիւն մաղթեց, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` ամրապնդելու իրենց ազգային միասնականութիւնը:

Ապատի ընդգծեց, որ Իրան միշտ պատրաստ է օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի ան տնտեսական եւ բարգաւաճման մարզերուն մէջ կարենայ դիմագրաւել իրեն սպառնացող մարտահրաւէրները:

Այս ծիրին մէջ իրանցի դեսպանը նաեւ շեշտեց լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի համաձայնագիրներուն գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES