ԺԵՄԱՅԷԼ. «ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ ՏԻՐՈՂ ԱՅԺՄՈՒ ՍՈՒՐ ԵՐԿՓԵՂԿՈՒՄԻ ՇՐՋԱԳԻԾԻՆ ՄԷՋ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊԱՐԴԻՒՆ Է»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին արձակած նախնական ամբաստանութեան վերաբերեալ լիբանանեան պաշտօնական կեցուածքը պիտի յատկանշուի անտեսումով` աւելցնելով, որ ի վերջոյ լիբանանեան իշխանութիւնները պիտի ջնջեն Լիբանանի համար հիմնուած միջազգային դատարանը, որ միակ միջոցն էր բացայայտելու լիբանանցի քաղաքական գործիչները սպաննող դահիճները:

Ժեմայէլ հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է յստակ որոշում տայ` ամբաստանեալները բերման ենթարկելու առումով:

Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ Ազգային երկխօսութեան վերսկսումի հարցին` Ժեմայէլ հաստատեց, որ այդ երկխօսութիւնը ապարդիւն դուրս պիտի գայ` նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող սուր երկփեղկումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES