Հայրենիք. Արտառոց Եւ Արտակարգ… Արտագաղթ

Armenian sesional emigrantionՅառաջիկայ օրերուն կամ շաբաթներուն Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը լոյս պիտի ընծայէ, այս տարուան` 2014 թուականի առաջին վեց ամիսներուն երկրէն մեկնողներուն եւ ժամանողներուն հաշուեկշիռը:

Անցեալ տարի, տարուան առաջին վեց ամիսներուն, Հայաստանէն հեռացած էին 123 հազարէն աւելի հայորդիներ:

Այս թիւը աննախադէպ էր Հայաստանի համար` նկատի ունենալով հոսքն ու ծաւալը:

Ժամանակագրական ու թուային տուեալներու ետին նայելով` կարելի է աւելի յստակօրէն պատկերացնել, թէ ի՛նչ կը ներկայացնէ արտագաղթի թղթածրարը:

Արդարեւ, իննսունականներու սկիզբներէն մինչեւ 2010, այսինքն` գրեթէ քսան տարիներու ընթացքին, Հայաստանէն հեռացածներուն թիւը գերազանցած է մէկ միլիոնը:

Աւելի մանրամասնութիւններու եւ պրպտումներու երթալով` այլ հետաքրքրական վիճակագրական պատկերներ ցոյց կու տան, թէ երեք նախագահներու ժամանակ ալ գաղթը շարունակուած է: Միայն 2004-2005 ժամանակաշրջանին է, որ թիւը պակսած է, եւ ընդհակառակը, արձանագրուած է ներգաղթ:

Անցեալ կատարեալը պարզապէս իբրեւ պատկեր նկատի ունենալով` վերադառնանք ներկայ օրերուն եւ հարցադրենք… Ո՞ր դասակարգի, տարիքի կամ սեռի կը պատկանին եւ ո՞ւր կը մեկնին:

Յաւելեալ հետազօտութիւններ եւ մանրամասնութիւններ կատարելով` մեկնողներու հիմնական մասը աշխատունակ կացութեան մէջ է, այսինքն անոնց տարիքը կը տարուբերի երեսունէն յիսունի միջեւ: Դեռ աւելի՛ն, տղամարդոց թիւը գրեթէ կրկինն է, քան` փափուկ սրտերուն թիւը:

Գաղթողներու ուղղութիւնը երկու երրորդ մեծամասնութեամբ դէպի Ռուսիա է, ապա` Միացեալ Նահանգներ: Յաջորդ կարգին կու գայ Եւրոպան, յատկապէս` Ուքրանիա: Այս վերջինին պարագային, վերջին ամիսներու անցուդարձերն ու անապահով կացութիւնը ազդած պիտի ըլլան,  որ թիւը մեծ նուազում արձանագրէ: Դեռ աւելի՛ն, նկատի ունենալով վերջին ամիսներու Սուրիոյ թէժ կացութիւնը, բաւական շօշափելի թիւ մը ցայսօր որոշ ժամանակաշրջանի համար բնակութիւն հաստատած է Հայաստանի մէջ: Այս բոլորը կրնա՞յ նուազեցնել դէպի դուրս այդ հոսքը: Այս մէկն ալ հարցական է, մանաւանդ որ անոնց մէկ մասը կրնայ վերադառնալ, երբ վերստին հանդարտութիւն տիրէ, կամ ալ չընտելանալով իր ներկայ իրավիճակին, իր կարգին դիմէ այլընտրանքին` արտագաղթին:

Գաղթող ժողովուրդ ենք, եւ այս գծով պատմական վերլուծումներ եւ իրողութիւններ ներկայացնելով` կարելի չէ պանդխտութիւնը նկատել հայկական իւրայատուկ «հիւանդութիւն»: Եւ այդ հիւանդութեան արդիւնք` համաճարակն այն է, որ արտագաղթի հոսքին մղում տուող երեւոյթներէն կարեւորագոյնը նախապէս արտասահման գաղթած եւ հոն ալ արմատ նետած հայորդիներն են:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, կամայ թէ ակամայ, ականատես կ՛ըլլանք այլ աղէտի մը, որն է … ԱՐՏԱԳԱՂԹ:

Share this Article
CATEGORIES