Հարցազրոյց Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի Յանձնախումբի Անխոնջ Գործիչ Խաժակ Սարգիսեանի Հետ

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Խաժակ Սարգիսեան

Խաժակ Սարգիսեան

Խաժակ Սարգիսեան ծնած է Պէյրութ եւ յաճախած է Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը ու տարի մը Հայկազեան քոլեճ յաճախելէ ետք եկած է Սան Ֆրանսիսքօ` շարունակելու համար իր ուսումը: Սան Ֆրանսիսքոյի USF համալսարանը աւարտելէ ետք ան նետուած է գործի ասպարէզ` հիմնելով առեւտրական հաստատութիւն մը եւ շարունակած է գործունէութիւնը 35-40 տարիներ` յաջողութիւններով ու դժուարութիւններով:

Լիբանանի մէջ իր պատանեկան շրջանին ապրած է լիբանանեան կեանքի ամենակենսունակ տարիները. փոքր տարիքէն եղած է ՀՄԸՄ-ի գայլիկ եւ ապա մտած է սկաուտական շարքերը. անիկա եղած է իր կեանքի ապագայ ձեւաւորման հիմնական միջավայրը: Երիտասարդական առաջին տարիներուն անդամագրուած է «Զաւարեան» ուսանողական միութեան` ունենալով դաշնակցական անուանի դաստիարակներ, որոնց շունչով մտերմացած է ՀՅԴ-ի գաղափարաբանութեան` գաղափարաբանութիւն մը, որ իր ընկերային, հանրային կեանքի ուղին եղած է մինչեւ այսօր:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ.- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս հիմնուած է Հայ դատի յանձնախումբը Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ:

ԽԱԺԱԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Հայ դատի Սան Ֆրանսիսքոյի յանձնախումբը նախաձեռնութիւնն էր մեր կոմիտէութեան, որուն գործունէութիւնը մեծ զարկ ստացաւ 1970-ական թուականներուն սկիզբը` հետեւելով մեր շրջանային եւ գերագոյն մարմիններու ցուցմունքներուն: Սան Ֆրանսիսքօ ուսանողական տարիներս զուգադիպած են գաղափարակից ընկերներու հոյլի մը կեանքին, ու միասնաբար, մեր ուսանողական կեանքի կողքին, մասնակից եղած ենք գաղութի սկզբնական տարիներու կազմաւորման, 1961-1970 տարիներուն` խմբուելով «Ն. Աղբալեան» նորաստեղծ երիտասարդական կոմիտէութեան շուրջ, եւ հետագային, միանալով երէցներու «Սարդարապատ» կոմիտէութեան` ունեցանք մեր այսօրուան «Քրիստափոր» կոմիտէութիւնը:

Նուպար Տեմիրճեան

Նուպար Տեմիրճեան

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ.- Ընդհանրապէս ի՞նչ եղած է ձեր գործունէութեան դաշտը Սան Ֆրանսիսքոյի եւ շրջակայի մէջ:

ԽԱԺԱԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Խանդավառ եւ իտէալապաշտ ընկերներով, այս կոմիտէն մասնակից եղաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շինութեան, նախաձեռնեց շաբաթօրեայ դպրոցի մը, Համազգային հայ մշակութային ու կրթական միութեան «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի հիմնադրութեան, ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի հիմնադրութեան ու զանազան աշխատանքներով նպաստեց գաղութի զարգացման եւ բարգաւաճման: Իմ անձնական գործունէութեան դաշտը եղած են վերոյիշեալ գրեթէ բոլոր մարզերը, բայց մասնաւորաբար` մեր ամէնօրեայ դպրոցին` Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի հիմնադրութեան ծրագիրը եւ վերջին 30 եւ առաւել տարիներուն անմիջական, գործօն եւ հետեւողական աշխատանքներս` մեր կոմիտէութեան Հայ դատի յանձնախումբին մէջ, որ առաջին եւ ամենաաշխուժ Հայ դատի յանձնախումբերէն մէկն էր Արեւմտեան շրջանին մէջ:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ.- Ինչպիսի՞ համագործակցութիւն կայ Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ դատի յանձնախումբին եւ համաամերիկեան ու մանաւանդ համահայկական Հայ դատի յանձնախումբերուն միջեւ:

ԽԱԺԱԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Մեր Հայ դատի յանձնախումբը մօտէն գործակցած է Հայ դատի շրջանային մարմինին հետ, ինչպէս նաեւ` Ուաշինկթընի գրասենեակին հետ, որուն օգնական գործադիր տնօրէնուհին մեր յանձնախումբէն Էլիզապէթ Ջուլճեանն է: Մեր շրջանը մասնաւորապէս կարեւոր է իր 16 քոնկրեսականներով, որոնցմէ ոմանք կարեւոր պաշտօն ունին, ինչպէս` Նենսի Փելոսին եւ երկու ծերակուտականներ` Պաքսըրը եւ Ֆայնսթայնը, որոնց հետ տարիներու ընթացքին լաւ կապեր պահած ենք եւ կը շարունակենք պահել:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ.- Կիրակի, յունիս 1, 2014-ին, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին ի նպաստ թելեթոնին հանգանակուեցաւ աւելի քան 2 միլիոն տոլար. ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս հանգանակութիւնը` թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ բարոյական անկիւնէն դիտուած:

ԽԱԺԱԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Յունիս 1, 2014-ի Հայ դատի թելեթոնը յաջողութիւն էր գոյացած գումարով, բայց նաեւ` ժողովրդական մասնակցութեան թիւով: Մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն գիտակից մասնակցութիւնը ինծի համար շատ յատկանշական էր, մանաւանդ` երիտասարդ կամաւորներու խանդավառ մասնակցութիւնը:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ.- «Ասպարէզ»-ի յօդուածագիրներէն Ռազմիկ Շիրինեան կ՛ըսէ. «Մօտ ապագային անհաւանական չէ ռուս-թրքական համաձայնութիւն մը, որ անգամ մը եւս ծրագրէ արմատախիլ ընել հայը իր հողէն»: Կը կարծէ՞ք, թէ նման համաձայնութիւն մը կարելի է:

ԽԱԺԱԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Այս հարցին դժուար է պատասխանել: Մեր փոքր, «կիսանկախ» հայրենիքը բարդ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի թէ՛ իր շրջապատի պայմաններով եւ թէ՛ ներքին կառավարման որակով: Համաշխարհային եւ շրջանային քաղաքական միջավայրերը այնքա՛ն անկայուն եւ փոփոխական են, կապուած` գերպետութիւններու շահերուն, որ, այո՛, Հայաստանն ու մանաւանդ Արցախը կրնան վտանգուիլ, ինչպէս վտանգուած եւ կորուստներու էին մատնուած անցեալին:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ.- Վերջերս Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց յայտարարած է. «Ներկայ դրութեամբ, Թուրքիա չի կրնար անդամակցիլ Եւրոմիութեան»: Ի՞նչ կը խորհիք այդ մասին:

ԽԱԺԱԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Եւրոխորհրդարանի նախագահի յայտարարութիւնը կրնայ ճիշդ ըլլալ Թուրքիոյ ներկայ դրութեամբ: Բայց Թուրքիան ալ փոփոխութիւններու ընթացքի մէջ է, եւ այս ընթացքով եթէ շարունակեն բարեկարգութիւնները, ապա թերեւս կարենան արժանի ըլլալ Եւրոմիութեան անդամակցելու:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ.- Ի՞նչ կը մտածէք Հայաստանի նախագահ Ս. Սարգսեանի Թուրքիոյ նախագահին ուղարկած հրաւէրին մասին, որ վերջինս ներկայ ըլլայ ապրիլ 24, 2015-ին Ծիծեռնակաբերդի համալիրի ձեռնարկին եւ խոնարհի 1.5 միլիոն հայ նահատակներու յիշատակին: Ի՞նչ ըսելիք ունիք այս մասին:

ԽԱԺԱԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Հայաստանի նախագահին հրաւէրը Թուրքիոյ նախագահին, որ 2015-ին Հայաստան գալով` խոնարհի նահատակներու յիշատակին առ ի յարգանք, կը կարծեմ լաւ նախաձեռնութիւն մըն էր` գնդակը Թուրքիոյ կողմը նետելով: Բայց կը կասկածիմ, որ դրական պատասխան մը պիտի ստանայ: Պետութիւն մը, որ կը դրժէ Ցեղասպանութեան իր պատասխանատուութիւնը, ինչպէ՞ս պիտի գայ Հայաստան եւ խոնարհի զոհերու յիշատակին: Այս առնուած քայլով կարծեմ մեր նախագա՛հն է, որ լաւ պիտի զգայ իր նախաձեռնութենէն:

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ.- Վերջերս «Հարվըրտ» համալսարանին մէջ ելոյթ ունենալով` Թուրքիոյ նախագահ Կիւլ ըսած է, թէ Թուրքիա Հայաստանի նկատմամբ «անկեղծ մօտեցում ունի», ապա շարունակելով` ըսած է. «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման յոյսեր տակաւին կան»: Ի՞նչ ունիք ըսելիք այս մասին:

ԽԱԺԱԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Կիւլի յայտարարութիւնը ողջունելի է, բայց գործնական քայլերն են կարեւորը. միայն լոզունգներով մեր առկախ հարցերը չեն լուծուիր: Ես ալ, ինչպէս շատեր, կ՛ուզեմ գործնական, իրապաշտ լուծումներ փնտռել ու գտնել մեր անլոյծ հարցերուն, որպէսզի յաւիտենական թշնամիներ չմնանք ու ապրինք ազատ ու անվտանգ, իւրաքանչիւրը` իր ընտրած կեանքով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES