Կոչ` Համազգային Միտք Ածելու

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Միայն քանի մը ամիս առաջ էր, երբ Թուրք պատմութեան կաճառի նորոգ հրաժարեալ նախագահ փրոֆ. Մեթին Հիւլակու, հարցումի մը պատասխանելով` ըսած էր, թէ 1915 թուականը յատուկ նշանակութիւն մը չունի իրեն համար, եւ եթէ յառաջիկայ տարի այդ թուականին դարադարձն է, ապա իրեն համար այս մէկը կը նշանակէ Սարըղամըշի անկռիւ պարտութեան հարիւրամեակը:

Իրա՛ւ ալ, վերջին տարիներուն Թուրքիոյ մերժողական տեսակէտը որդեգրած կեղծ պատմաբանները եւ անոնց համակիր սիւնակագիրները ամէն առիթով կը փորձեն համաշխարհային ռազմական պատմութեան արձանագրած ամենատխմար պարտութիւնը հերոսամարտի մը վերածել:

Այդ թուին բազմաթիւ պատանի զինուորներ զոհ գացած էին ընդհանուր հրամանատար Էնվեր փաշայի կիրքերուն: Անոնք առանց փամփուշտ մը իսկ վառելու` սառած էին դաժան ձիւնամրրիկի տակ: Ստախօսները կը շրջանցեն այս իրողութիւնը եւ կը փորձեն այդ խեղճ զինուորներու մահէն հերոսապատում մը ստեղծել: Այժմ փրոֆ. Հիւլակու հրաժարած է իր պաշտօնէն եւ այլեւս ստիպուած չէ նման սնամէջ ելոյթներով իր վարկը ստորնացնելու: Գոնէ հանգիստ սիրտով կրնայ օգտուիլ լռելու իրաւունքէն: Իր նախորդը` փրոֆ. Եուսուֆ Հալաճօղլու, այդ իրաւունքն ալ չէր ունեցած, քանի որ Ազգայնական կուսակցութեան շարքերէն երեսփոխան ընտրուած էր:

Բայց մենք թողունք զիրենք իրենց հակասութիւններուն մէջ եւ մտածենք մեր օրակարգին մասին: Արդարեւ, թէ՛ անհատական գետնի վրայ եւ թէ՛ հաստատութիւններու ջանքերով զարմանալի աշխուժութիւն մը կը տիրէ 2015 թուականը, այսինքն` Հայոց ցեղասպանութեան դարադարձը արժանի կերպով յիշատակելու առումով: Կան ծայր աստիճան համեստ աշխատութիւններ, որոնք ընդհանրապէս անհատական բնոյթ ունին եւ, հետեւաբար, անհատական կարողութիւններով եւ կարելիութիւններով սահմանուած են:

Օրինակի համար` երիտասարդ նկարահաններ իրենց նեղ պայմաններով, տեսախցիկ մը շալկած,  կը փորձեն պատմական վկայութիւններ անմահացնել` նկարահանելով զանազան կեանքեր, զանազան ապրումներ: Սակայն անոնց կողքին կան առաջնակարգ արհեստավարժ նկարահաններ, որոնք ասպարէզի աստիճանները բարձրացած են բազմաթիւ մրցանակներ նուաճելով: Իրենց անունը դրոշմած են համաշխարհային տաղանդներու շարքին, եւ հիմա անոնք ալ նմանաբնոյթ պատրաստութիւններու մէջ են: Կը պատրաստուին Հայոց ցեղասպանութեան ձօնուած ժապաւէններով մասնակցելու միջազգային փառատօներու:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր ամբողջ ուշադրութիւնը սեւեռած է 2015-ի ընթացքին դուրսէն գալիք հոսանքի մը: Ներկայ դրութեամբ, միայն արտասանուած խօսքով, սպառնական բնոյթի խոստումներով հասկնալի կրնայ ըլլալ նախարարութեան մտահոգութիւնը: Միայն խոստումով կ՛ըսենք, քանի որ այնքան ալ վերահասու չենք, թէ Ցեղասպանութեան թանգարանի վերանորոգումէն, նոր բաժիններու յաւելումէն բացի` դեռ ի՞նչ նախագիծեր կան, որոնք պիտի ցնցեն զանազան երկիրներու հասարակութիւնները: Բայց, ըստ երեւոյթին, շատ աւելի ցնցիչ հոսանքը պիտի գայ երկրի ներսէն: Թուրքիոյ հասարակութիւնը աննախադէպ թիւով պիտի մասնակցի 2015 թուականի ապրիլի 24-ին Ծիծեռնակաբերդի մէջ կայանալիք ոգեկոչման սգահանդէսին: Իսկ սոյն ձեռնարկներուն, հայ ժողովուրդը ի՞նչ ծրագիրներ կը մշակէ. ա՛յս ալ թող ըլլայ մեր հոգը, որուն մասին հաւաքաբար միտք ածենք:

«Ակօս»

Share this Article
CATEGORIES