Քոնտոլիզա Ռայս` Արցախի Հակամարտութեան Յատուկ Պատուիրա՞կ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Քոնտոլիզա Ռայս կրնայ դառնալ Արցախի հակամարտութեան հարցով Ամերիկայի յատուկ պատուիրակ. այսպէս ըսած է նախապէս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ ելեւմուտքի նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Սպիտակ տան մէջ բարձր պաշտօններ ստանձնած, իսկ այժմ ամերիկեան «Ճոն Հոփքինզ» կեդրոնի անդրատլանտեան յարաբերութիւններու հարցերու փորձագէտ Տէյվիտ Մերքըլ, աւելցնելով, որ Արցախի հակամարտութեան հարցով Ամերիկայի յատուկ պատուիրակ մը պէտք է նշանակուի, ցոյց տալու համար, թէ Ուաշինկթըն լրջութեամբ կը հետեւի տագնապը լուծելու ջանքերուն:
CATEGORIES Հայ Դատ

