Թրքական Կայքէջը Կ՛անդրադառնայ Վանի Հայկական Եկեղեցիներու Անմխիթար Վիճակին Մասին

Ս. Թովմասի վանքը
Թրքական «Հապեր եորում» կայքէջը հրապարակած է յօդուած մը, որով կ՛անդրադառնայ Վանի մէջ աւերակ դարձած հայկական պատմական եկեղեցիներու անմխիթար վիճակին: Յօդուածը ստորագրած են Էօմեր Ֆարուք եւ Շեհրիվան Էօզել, ուր կը կարդանք հետեւեալը. «Վանի չորս կողմը կը գտնուին պատմական եկեղեցիներ, որոնք հայերու կը պատկանէին, եւ որոնց կառուցման թուականը կը նշուի իններորդ դար: Այս եկեղեցիներուն վիճակը աղէտալի է:
Անհրաժեշտ է, որ իշխանութիւնները տէր կանգնին պատմական արժէքներուն: Ինչպէս բոլոր նահանգները, Վանն ալ պատմական ինքնութիւն մը ունի, բայց այդ ինքնութիւնը յաճախ մոռացութեան կը տրուի: Զբօսաշրջական տեսակէտէ, Վանի աչքին լոյսը կը նկատուին Կեւաշի Ալթընսաչ գիւղին մէջ Ս. Թովմաս վանքը, Չարփանաք (Կտուց) կղզիի վրայ` Կտուց վանքը, Էրեք (Վարագ) լերան վրայ Եօթը եկեղեցիներ կոչուած եկեղեցիները: Բոլորն ալ անտարբերութեան եւ խնամքի պակասի պատճառով կիսաքանդ են եւ փլուզումի ենթակայ են:

Կտուց կղզիի Սուրբ Կարապետ եկեղեցին
Չարփանաքի մէջ գտնուող եկեղեցւոյ պատերուն վրայի արձանագրութիւնները ամօթալի վիճակ կը պարզեն: Այս եկեղեցին կառուցուած է հաւանաբար 10-րդ կամ 11-րդ դարուն: Բայց այս փառաւոր կառոյցը հիմա հոգեվարքի մէջ է: Գանձ փնտռողները ցիրուցան ըրած են հայերու գերեզմանաքարերը: Եկեղեցիները նորոգելու մասին մտածող չկայ: Չարփանաք կղզիին վրայ գտնուող եւ 9-րդ դարէն մնացած Կտուց եկեղեցիին ալ վիճակը ցաւալի է: Ճայերու երամները մեծ վնաս հասցուցած են այս եկեղեցւոյ ներքին պատերուն: Տեսարանը պղծուած է տեղացի ժողովուրդին կողմէ պատերուն վրայ գրուած գրութիւններուն պատճառով: Նոյն ճակատագիրը կը բաժնեն Եօթը եկեղեցիներ կոչուած եկեղեցիները (Վարագայ վանք): Այս եկեղեցիներն ալ կը սպասեն, որ մէկը հետաքրքրուի իրենցմով եւ վերադարձնէ իրենց երբեմնի փառքին: Եկեղեցիները ներկայիս ծայր աստիճան անխնամ վիճակի մէջ են»:

