Ամավերջի Հանդէսներ. Հայ Աւետարանական Քոլեճի 2014-ի Հունձքը

2506HayAved12506HayAved

 

25 յունիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ քաղաքի Հայ աւետարանական քոլեճի երկրորդականի եւ նախակրթարանի միացեալ ամավերջի հանդէսը:

2506HayAved3Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգէն ու հոգեւոր տեսուչ Կարինէ Չոլագեանի կողմէ Աստուածաշունչէն ընթերցումէ եւ աղօթքէն ետք, խօսք առաւ օրուան պատգամաբեր, ազգային հասարակական գործիչ, լրագրող խմբագիր Ահարոն Շխրտմեան: Ան թելադրեց արժէքներու հաւատալ եւ` «Կեանքը ապրիլ արժէքի սկզբունքին կապուած մնալով եւ մեր ազգային գոյութեան բոլոր թելերով»: Ան թելադրեց շրջանաւարտներուն քալել անվախ, համարձակ` առանց տկարանալու անփորձութեան զգացումէն, քալել մեր ժողովուրդին եւ մարդկութեան օգտակար ըլլալու կամքով ու վճռակամութեամբ: Ապա դպրոցի երգչախումբին կողմէ երկու խմբերգներ հրամցուեցան` խմբավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Լոռի Այնթապլեանի: Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն, որմէ ետք աւարտական կարգէն Արազ Տեմիրճեան հայերէն եւ Մեղրի Պաղտոյեան արաբերէն երախտիքի ուղերձներ կարդացին: Ապա աւարտական դասարանի դաստիարակ դոկտ. Ա. Իւրնէշլեանի հրաւէրով տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը կատարեց վկայականներու բաշխումը: Տնօրէնին հրաւէրով եկեղեցիի հովիւ վեր. Հրայր Չոլագեանի ձեռամբ տրուեցան տիպար աշակերտի շքանշանները` Մեղրի Պաղտոյեանին եւ Արազ Տեմիրճեանին: Ապա տնօրէնը յայտնեց, թէ դպրոցի հայկական բաժանմունքի ատենապետ դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան արժանացած էր սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» շքանշանին եւ կատարեց պարգեւատրումը:

Ապա դոկտ. Զ. Մսըրլեան կատարեց հուսկ բանքը: Ան աւարտականներուն ուղղելով իր խօսքը` նշեց, թէ` «ձեզի ջամբուեցաւ հոգեմտաւոր սնունդ, ազգային գիտութիւն, քրիստոնէական եւ բարոյական արժէքներ, որպէսզի կարենաք ձեր կեանքի հանգրուանները յաջողութեամբ պսակել, դառնաք զօրաւոր անհատականութեամբ անկախ մտածելակերպի տէր անձնաւորութիւններ եւ արժեւորէք ձեր ապրելիք կեանքերը»:

Տնօրէնը շեշտեց, թէ հայօրէն կազմաւորուած էին ու ազգային բեմի վրայ պարտաւոր էին գործօն դեր ստանձնելու, երբ հնարաւորութիւն ունենան: Ան աւելցուց, մի՛ մոռնաք, որ անիրաւուած ու պահանջատէր ազգի մը զաւակներն էք. ան կը ձգտէր տեսնել Մայր Արաքսի զոյգ ափերը միաւորուած իր հողամասին վրայ, միջազգային շրջանակներուն ճանչցնել իր ենթարկուած ցեղասպանութեան եւ մանաւանդ արդար հատուցում պահանջել:

Փակման եւ շնորհակալութեան խօսքը կատարեց հովիւը եւ ապա օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ հանդէսը:

Վկայական ստացան երկրորդականէն` Մորենա Խաչօ, Պերճ Յովհաննէսեան, Քրիսթին Շահինեան, Մարինէ Շեհիրեան, Մեղրի Պաղտոյեան, Արազ Տեմիրճեան եւ Մարինա Քէշիշեան: Նախակրթարանէն` Ալեն Արապսէյիսեան, Կարին Գազանճեան, Կերի Զէյթունցեան, Քարլա Պասթաճեան, Կարին Տեմիրճեան (պատուոյ յիշատակութեամբ), Հիւսէյն Օմէյրի եւ Անթոնի Օպէյտ:

Share this Article
CATEGORIES