Ազգային «Յառաջ» Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխման Հանդիսութիւն
21 յունիս` երաժշտութեան միջազգային օր եւ Ազգային «Յառաջ» մանկապարտէզի հանդէս եւ երաժշտական այբուբենի ներկայացում:
Հանդիսատեսին համար մեծ հաճոյք էր, երաժշտութեան միջազգային օրուան առիթով, Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի շրջափակին մէջ, հայկական նուագարաններով ու գունագեղ տառերով զարդարուած բեմին վրայ տեսնել տասնութ Ծաղիկի շրջանաւարտներ` այբուբենի տառերը բռնած ու բարձրացուցած տողանցեն ու երաժշտախառն ներկայացումներով փառաբանեն մայրենին:
Վարժարանի վարիչ մանկապարտիզպան Լենա Սթամպուլեան բացման խօսքով ողջունեց ներկաները, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց 2013-2014 տարեշրջանի մանկապարտէզին նեցուկ կանգնող մարմիններուն ու բարերարներուն: Ներկայացնելով հանդէսի թեման` ան ըսաւ, թէ մանկապարտէզի աշակերտները իրենց փոքր տարիքէն կը սորվին արժեւորել հայ լեզուն ու մշակոյթը, եւ մանկական ոճով` երգով ու արտասանութիւններով բարձր կը պահեն մեսրոպեան այբուբենը:
Այնուհետեւ բեմ բարձրացան շրջանաւարտները, որոնք ներկաներուն փոխանցեցին, թէ ինչ կ’ըսեն ըլլար, երբ մեծնան:
Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու երգչախումբի կատարումներուն զուգահեռ` կը ներկայացուէին յատուկ պատկերներ պարի ելոյթներով:
Ծիլ դասարանի «Մրջիւններու պար»-էն եւ Բողբոջ դասարանի «Կատակ պար»-էն ետք ուսուցիչի տիպարով բեմ բարձրացան Ծաղիկները եւ արաբերէն լեզուով երգեցին արաբերէն տառերը ներկայացնող երգ մը:
Հերթաբար բեմը ճոխացուցին Կոկոնները` «Ձեւերու պար»-ով, Ծաղիկները` «Կինտոներու պար»-ով, որոնց յաջորդեցին անգլերէն ասմունքն ու վերջապէս շրջանաւարտներուն ուղերձը, որոնց մէջ խաղաղութիւն խորհրդանշող պատկերներով աշակերտները աշխարհին մաղթեցին խաղաղութիւն, ինչպէս նաեւ դէպի երկինք արձակեցին խաղաղութեան աղաւնի մը եւ ճերմակ փուչիկներ. այնուհետեւ հրաժեշտ տալով իրենց ուսուցչուհիներուն` խոստացան ըլլալ տիպար աշակերտներ եւ բարձր պահել մեր ալեհեր հայոց լեզուն: Տնօրէն Արմէն Թաշճեան, շնորհաւորելով շրջանաւարտները, ըսաւ անոնց. «Սիրելի՛ Ծաղիկներ, ձեր գեղեցկութիւնը, ձեր գոյներուն եւ անհատականութիւններուն մէջն է, որոնք վառ կը մնան, սակայն, միա՛յն փունջ եւ միասնութիւն կազմելով: Կը խամրին անոնք, երբ առանձնութիւններ կը ստեղծեն ու կը հեռանան իրարմէ»:
Ապա թելադրեց աշակերտներուն, որ երբեք չմոռնան այն պարտէզն ու հողը, որմէ ծիլ արձակեցին ու սնուեցան, որովհետեւ «այդ հողը ձեր պատկանելիութիւնն է», ըսաւ ան:
Ապա տնօրէնը բեմ հրաւիրեց Այնճարի հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գարագաշեանը, վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Սեդրակ Հաւաթեանը եւ վարիչ մանկապարտիզպանը, որոնք վկայականներ յանձնեցին հետեւեալ աշակերտներուն. Ալեքս Գապաքեան, Բալիկ Տալգըլըճեան, Գաբրիէլ Հաւաթեան, Գէորգ Լագիսեան, Էնտրու Ասլան, Էմանուէլ Գոչունեան, Լալէ Տումանեան, Կարէն Թասլաքեան, Ճիւան Սթամպուլեան, Յարութ Արուշեան, Նազէ Այնթապեան, Նանոր Հերկելեան, Նժդեհ Գույումճեան, Նշան Վարդանեան, Շանթ Քենտիրճեան, Սագօ Գարագաշեան, Սինթիա Լահամ եւ Քրիստինա Զաքարեան:
Այնուհետեւ մանկապարտէզի ուսուցչակազմին կողմէ յուշանուէրներ յանձնուեցան շրջանաւարտներուն:

