«Շումախըր Հետզհետէ Բարելաւում Կ՛արձանագրէ» Կ՛ըսէ Քորինա
7 անգամ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեան հանդիսացած գերմանացի Միքայէլ Շումախըր հետզհետէ բարելաւում կ՛արձանագրէ եւ անոր առողջական վիճակը կ՛ուղղուի դէպի լաւը, կը յայտնէ անոր կինը` Քորինա:
Մէջբերելով «Տը Թելեկրաֆ»-ի հրապարակած լուրը` ArmSport.am կը նշէ, որ թէեւ փոքր քայլերով, սակայն ան ապաքինումի ընթացքին մէջ է, եւ մահաքունի մէջ չըլլալը մեծապէս յուսադրող է:
Կը նշուի, որ 45 տարեկան Շումախըր մահաքունէն դուրս գալէն ետք ի վիճակի եղած է պատասխանելու կնոջ ձայնին:
Սակայն, կարգ մը բժիշկներու կարծիքով, ան մինչեւ իր կեանքին վերջը պիտի մնայ հաշմանդամ:
CATEGORIES Մարզական

