Ռիօ Ֆերտինանտ Համաձայնութեան Եկաւ Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի Հետ

1507rioԱնգլիացի յետսապահ Ռիօ Ֆերտինանտ շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր ասպարէզը շարունակէ Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի հետ, կը յայտնէ «Սքայ Սփորթց»:

Անիկա կը յայտնէ ըսելով, որ քիչ մը բաւական երկար տեւած բանակցութիւններէ ետք կողմերը իրարու հետ համաձայնութեան եկած են:

Կը կարծուի, որ 35 տարեկան Ֆերտինանտ մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ իր նոր կազմին հետ:

Նշենք, որ Մանչեսթըր Եունայթըտը լքելէն ետք, Ֆերտինանտ դարձած էր ազատ մարզիկ մը:

Share this Article
CATEGORIES