Պրազիլցի Համակիրները Կ՛ուզեն, Որ Իրենց Երկրին Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Մարզիչը Ըլլայ Կուարտիոլա

1507pep_guardiolaՊրազիլական «Սփոր Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը ուղղած է հարցում մը, թէ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին համակիրները զո՞վ կ՛ուզեն իբրեւ մարզիչ` ազգային հաւաքականին համար: Անիկա առիթ տուած է նաեւ, որ անոնք կարենան ընտրել ոչ պրազիլցի մարզիչ մըն ալ:

Այդ հարցումին արդիւնքը եղած է այն, որ մասնակցողներուն ճնշող մեծամասնութիւնը ուզած է, որ Պայէրն Միւնիխի այժմու մարզիչը` Փեփ Կուարտիոլան ըլլայ Պրազիլի նոր մարզիչը (69,1 տոկոսով):

Սպանացի Կուարտիոլա քանի մը ձայն աւելի հաւաքած է Քորինթիանսի նախկին մարզիչ Ատենորա Լէոնարտօ Փաքիէն, կը յայտնէ ArmSport.am:

Share this Article
CATEGORIES