ՄԱՆՍՈՒՐ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ ՄԸ ՍՏԱՑԱՒ ԻՐ ՌՈՒՍ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑԷՆ

Նախարար Մանսուր եւ դեսպան Զասպիքին

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր շաբաթավերջին Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որ Մանսուրին յանձնեց շնորհաւորագիր մը` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Մանսուր դրուատեց Ռուսիոյ կեցուածքը` արաբական հարցերուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ Մոսկուայի դերակատարութիւնը մեծ է` շրջանին մէջ ազատութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:

Մեկնումի պահուն Զասպիքին յայտնեց, որ ինք Մանսուրի հետ իր հանդիպումին շեշտած է լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւնները ամրապնդուած պահելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծած շրջանային եւ միջազգային առումով երկկողմանի քաղաքական գործակցութեան կարեւորութիւնը:

«Հանդիպումին ընթացքին հաստատեցինք նաեւ, որ Ռուսիա կառչած կը մնայ շրջանի երկիրներուն ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մնայուն կայունութեան, ապահովութեան եւ ազգային անվտանգութեան պահպանումին», ըսաւ ռուս դեսպանը` յաջողութիւն մաղթելով Լիբանանի կառավարութեան:

Անդրադառնալով նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան դրդապատճառներուն բացայայտման նպատակով կազմուած Միջազգային դատական ատեանին` Զասպիքին յայտնեց, որ Մոսկուա համաձայն է ճշմարտութեան բացայայտման, սակայն պայմանաւ որ հետաքննութեան արդիւնքները ըլլան պարկեշտ, առարկայական, ապաքաղաքականացած եւ շօշափելի փաստերու վրայ հիմնուած:

Share this Article
CATEGORIES