ՊԵԼՄԱՐ ԻՆԹԸՐՓՈԼԷՆ ՊԱՀԱՆՋԱԾ Է ՀԱՐԻՐԻԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼ

Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի բանբեր Մարթին Եուսեֆ յայտնեց, որ Միջազգային դատարանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմար յայտնեց, որ անցեալ ուրբաթ օր ինք Ինթըրփոլէն պահանջած է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով ամբաստանուած լիբանանցիներուն անունները հրապարակել:

Նշենք, որ ըստ դատարանին հրապարակած նախնական ամբաստանութեան, տուեալ հարցով ամբաստանեալներն են` Մուսթաֆա Պատրէտտին, Սելիմ Այյաշ, Ասատ Սապրա եւ Հիւսէյն Օնէյսի:

Իր կարգին, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Լիբանան միակն է, որ իրաւունք ունի գործադրելու ամբաստանեալներուն դէմ ուղղուած այդ բերման գիրերը` աւելցնելով, որ այս հարցը զուտ դատական է եւ ոչ մէկ կապ ունի քաղաքականութեան հետ:

Միւս կողմէ, ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա «Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ ինք փակ պահարաններով ամբաստանագիրներ ստացած է եւ պայման է, որ այդ ամբաստանագիրները փոխանցուին բերման գիրերու ենթարկուողներուն, սակայն եթէ երեսուն օր ետք կարելի չըլլայ բերման գիրերը գործադրել, ապա այդ ամբաստանագիրները իրենց փակ վիճակով կը փոխանցուին Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատարանին, որ իր կարգին կ՛որոշէ, թէ պիտի բացայայտէ՞ այդ ամբաստանագիրներուն բովանդակութիւնը, թէ՞ ոչ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES