Անգլիացի Գրողը Նոր Պատմուածքը Պիտի Հրապարակէ 280 Թուիթի Միջոցով
«Տը Կարտիըն» կը հաղորդէ, որ անգլիացի գրող Տէյվիտ Միչըլ կը պատրաստուի հրապարակել «Անհրաժեշտ տեսակ» վերնագիրով նոր պատմուածք մը, որուն համար պիտի օգտագործէ «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջը եւ պատմուածքը ներկայացնէ 280 թուիթի միջոցով` նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր թուիթ 140 խորհրդանշան է:
Ստեղծագործութիւնը պիտի պատմէ տղու մը մասին, որ մօր քնաբեր եւ ցաւազրկող «վալիում» դեղահատերուն ու աշխարհի վերաբերեալ ենթադրութիւններ ընելու մոլին դարձած է:
Բրիտանական օրաթերթը կը նշէ. «Անհրաժեշտ տեսակը» «Թուիթըր»-ի վրայ պիտի հրապարակուի մաս առ մաս` եօթը օրուան ընթացքին: Յատուկ այդ նպատակով հեղինակը ցանցին վրայ նոր հաշիւ բացած է:
Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ նախքան այս «Թուիթըր»-ի վրայ այդպիսի փորձարկումներ կատարած են գրողներ Ճենիֆըր Իկան, Նիլ Կայման եւ Ֆիլիփ Փուլման:

