Քուպայի Մէջ Կնոջական Շարժումի Մը Ցոյցին Ընթացքին 90 Անձեր Ձերբակալուած Են

1507CubaՊերթա Սոլեր խմբաւորման ղեկավարը կը հաղորդէ, որ Քուպայի մէջ ընդդիմադիր «Ճերմակ հագուստի տիկիններ» կնոջական շարժումի խաղաղ ցոյցին ընթացքին ոստիկանութիւնը ձերբակալած է 90 գործիչներ:

Ան գերմանական «Տի.Փի. Էյ.» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ 82 գործիչներ, որոնց մեծամասնութիւնը` կիներ, կիրակի օր մայրաքաղաք Հաւանայի մէջ խաղաղ քայլարշաւի մը ընթացքին ձերբակալուած են, իսկ 11 ուրիշներ ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուած են ցոյցին մասնակցելու համար իրենց տուներէն դուրս գալու ընթացքին:

Կարճ ժամանակ ետք բոլոր ձերբակալուածները ազատ արձակուած են:

Ապահովական ուժերը միջամտած են, երբ շարժումը կիրակի օրուան զուգադիպող իր շաբաթական ժողովը կը կատարէր` նշելու համար քսան տարի առաջ պատահած ողբերգութիւն մը:

 

Share this Article
CATEGORIES