Քաթարը Միացեալ Նահանգներէն Հակահրթիռային Համակարգեր Եւ Զինուորական Ուղղաթիռներ Պիտի Գնէ
«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Քաթարի պաշտպանութեան նախարարներ Չաք Հէյկըլ եւ Ալի Աթիյա ստորագրած են համաձայնագիր մը` աւելի քան 11 միլիառ տոլարի ամերիկեան զէնք մատակարարելու վերաբերեալ:
Քաթար Միացեալ Նահանգներէն պիտի գնէ «Ափաչի» տիպի զինուորական ուղղաթիռներ, ինչպէս նաեւ հակաօդային պաշտպանութեան «Փաթրիոթ» տիպի համակարգեր եւ հակահրասայլային հրթիռային «Ժաւըլին» համակարգեր:
Փենթակոնի ներկայացուցիչը Քաթարի հետ յարաբերութիւնները «չափազանց կարեւոր» որակած է եւ աւելցուցած, որ կնքուած համաձայնագիրը աւելի պիտի ամրապնդէ Միացեալ Նահանգներու եւ Արաբական ծոցին մէջ գտնուող այդ պետութեան կապերը:
Ինչպէս յայտնի է, Քաթարի մէջ կը գտնուի ամերիկեան զինեալ ուժերու` շրջանին մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող օդուժի ռազմակայաններէն մէկը:

