Հաժ Հասան. «Պէտք Է Ամրապնդել Լիբանանեան-Իրանեան Յարաբերութիւնները»

Հաժ Հասան եւ Իրանի դեսպանը
Ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհ Ալին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:
Հաժ Հասան շնորհակալութիւն յայտնեց Իրանի` լիբանանցիներուն եւ Դիմադրութեան նկատմամբ անոնց ցուցաբերած հսկայ զօրակցութեան համար` նշելով, որ այդ զօրակցութեան շնորհիւ է, որ կարելի եղած է յաղթել Իսրայէլին եւ վերստին կառուցել յուլիսեան պատերազմին պատճառով արձանագրուած քանդումը:
Հաժ Հասան ընդգծեց լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, Ալի շնորհաւորեց Լիբանանը 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին արձանագրուած յաղթանակին համար եւ մաղթեց, որ ապագային երկկողմանի յարաբերութիւնները աւելի եւս աշխուժանան:

