Երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի Կ՛այցելէ Աուտէ Եպիսկոպոսին

Մաժտալանի եւ Աուտէ եպիսկոպոսը
Յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Մաժտալանի յայտնեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը լիբանանեան սահմանադրական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը կը խախտէ եւ կը սառեցնէ խորհրդարանին աշխատանքները:
Մաժտալանի շեշտեց, որ այս իրականութիւնը վտանգաւոր է, որովհետեւ անիկա կը վտանգէ ոչ միայն Լիբանանի քաղաքական վարչակարգը, այլեւ` լիբանանեան գոյացութիւնը: «Հետեւաբար Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը պէտք է վերածել առաջնահերթութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ ընտրութիւնը կատարելով երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը պիտի վերակազմակերպուի եւ շարունակուի` լուծելով երկրին ընկերային եւ տնտեսական հարցերը:

