Զօր. Քահուաժի Ընդունեց Ֆրանսական Ցամաքային Ուժերու Հրամանատարը

Լիբանանեան - ֆրանսական զինուորական բարձր մակարդակի հանդիպումէն պահ մը

Լիբանանեան – ֆրանսական զինուորական բարձր մակարդակի հանդիպումէն պահ մը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ֆրանսական ցամաքային ուժերու հրամանատար զօր. Պերթրան Մատոն` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բանակին կատարուելիք ֆրանսական օժանդակութիւնները, յատկապէս զինումի եւ պարէնաւորումի առումով:

Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ ծառայող ֆրանսական խաղաղապահ ուժերուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Share this Article
CATEGORIES