Պասիլ Պրազիլէն Վերադարձաւ Լիբանան
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ վերադարձաւ Լիբանան` աւարտելով Պրազիլ կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը:
Անդրադառնալով հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական զարգացումներուն` Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան ՄԱԿ-ին պիտի ներկայացնէ բողոքի նամակ մը` նկատի ունենալով Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան հողերուն ռմբակոծումը:
«Պիտի չարտօնենք, որ Լիբանան պարտադիր կերպով առաջնորդուի դէպի պատերազմի մութ նկուղները», ըսաւ ան:
Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան բաւարար ուժ ունի ետ մղելու Իսրայէլը, իսկ ոմանք լիբանանեան հողերը իբրեւ մարտկոց կ՛օգտագործեն` Կազայի հարցով Իսրայէլի պատասխանելու: «Նման քայլեր լիբանանեան պետութեան քաղաքականութեան մաս չեն կազմեր եւ պետութիւնը նման բան չի փափաքիր: Հետեւաբար կը դիմէ համապատասխան ապահովական միջոցառումներու, որպէսզի կարելի ըլլայ զսպել այդ անհատները: Սակայն այս բոլորը չեն նշանակեր, որ Իսրայէլ կրնայ յարձակիլ Լիբանանի վրայ», եզրափակեց Պասիլ:

