Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Գումարեց Իր Ընթացիկ Նիստը

1407JreisatiՓոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որմէ ետք համախմբումի անդամ Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականները պէտք է կոչել սուրիացի եկուորներ` նշելով, որ գաղթականութիւն կամ ապաստանեալ եզրերը լիբանանեան պետութեան կը պարտադրեն մեծ բեռներ, զորս կարելի չէ հանդուրժել:

Ան յայտնեց նաեւ, որ օրին համախմբումը առաջադրեց նախաձեռնութիւն մը, որուն հիման վրայ անոր հասցէին ցեղապաշտութեան ամբաստանութիւններ հնչեցին, «իսկ այսօր ամբաստանող կողմերը գործի լծուած են եւ կը փորձեն միջոցներ գտնել` գործադրելու մեր իսկ որդեգրած նախաձեռնութիւնը»:

Ժրայսաթի յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականներու հարցերուն առնչութեամբ պէտք է գործակցիլ Սուրիոյ պետութեան հետ, որ մեր թշնամին չէ:

Ան կոչ ուղղեց նաեւ մշակելու ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որ կ՛երաշխաւորէ փոքրամասնութիւններուն ներկայացուցչութիւնը: Ան զգուշացուց երկրին քաղաքական եւ ապահովական կացութիւնը խախտող ուժերը` նկատել տալով, որ աւելի ուշ այդ խախտումները կրնան զիրենք թիրախ դարձնել:

Ակնարկելով Լիբանանեան համալսարանի թղթածրարին` Ժրայսաթի յայտնեց, որ համախմբումը կոչ կ՛ուղղէ այդ հարցին քննարկման մակարդակը բարձրացնելու եւ պահպանելու դասախօսները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու չափանիշները:

 

Share this Article
CATEGORIES