Վարչապետարանին Մէջ. «Ոչ Մէկ Քաղաքական Ուժ Նպատակադրած Է Խանգարել Կառավարութեան Աշխատանքը» Շեշտեց Ապու Ֆաուր

Ապու Ֆաուր եւ վարչապետ Սալամ

Ապու Ֆաուր եւ վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան աշխատանքին կապուած հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը Լիբանանեան համալսարանի նշանակումներուն գծով թեկնածուներու հարց չունի, այլ` կը փափաքի ատակն ու կարողութիւններու տէր անձերը նշանակել այդ պաշտօնները ստանձնելու համար:

Ան նշեց, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ այս հարցին լուծման ձեւեր ու ելքեր կը փնտռէ, եւ իրենք կը գործակցին այդ իմաստով:

Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած հարցերուն լուծման առումով անհրաժեշտ է անպայման համախոհութիւն գոյացնել, որովհետեւ փոխադարձ պայմաններու պարտադրումը` երկրին եւ անոր սահմանադրական հաստատութիւններուն, վտանգ կը սպառնայ:

Ան շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ երկրին հաստատութիւններուն հարցերը լուծելու եւ խորհրդարանի օրակարգերը ճշդելու առումով համախոհութեան յանգելու:

«Այս շրջագիծին մէջ Ժոմպլաթ մնայուն կերպով կը խորհրդակցի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ», ըսաւ ան: Ան աւելցուց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ

մեծ յանձնառութեամբ կը վարուի` լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն նկատմամբ: Ան աւելցուց, որ ոչ մէկ քաղաքական ուժ նպատակադրած է խանգարել կառավարութեան աշխատանքը»:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի այցելեց վարչապետարան, ուրկէ ան յայտարարեց ՄԱԿ-ի մտահոգութիւնը` հարաւային Լիբանանէն արձակուող հրթիռներուն վերաբերեալ:

Փլամպլի շեշտեց, որ այդ արարքները Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան դէմ յստակ ոտնձգութիւններ են:

Վարչապետարանին այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր եւ գործատէրերու լիբանանեան-իրաքեան պատուիրակութիւն մը:

Share this Article
CATEGORIES