Սլէյման Միքաթիի Հետ Քննարկեց Երկրին Հարցերը

Սլէյման եւ Միքաթի
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Եարզէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ ապահովական հարցերը, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի հարցերուն լուծումը կարելի կրնայ դառնալ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններու հարցերուն լուծումը ապահովել:
Ան աւելցուց սակայն, որ նախագահի ընտրութեան իմաստով տակաւին շօշափելի ոչինչ կայ:
Միւս կողմէ, Սլէյման «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ Փարիզի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին վերջինս շեշտած է, որ Փարիզ նախագահական թեկնածու մը չունի եւ ոչ ոքի թեկնածութիւնը վեթոյի կ՛ենթարկէ:
Սլէյման շեշտեց, որ ինք իր քաղաքական գործունէութիւնը պիտի շարունակէ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը գործադրելու նպատակով ստեղծուլիք քաղաքական ճակատի մը ընդմէջէն:
Նշենք, որ Սլէյման շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին` ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն Գերմանիոյ ազգային խումբին արձանագրած յաղթանակին առիթով:

