Պըրրի Քանաանի Հետ Քննարկեց Խորհրդարանական Հարցերը

Քանաան եւ Պըրրի

Քանաան եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի պատրաստութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը:

Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ խորհրդարանն ու անոր յանձնախումբերուն աշխատանքները խանգարելը վտանգաւոր է, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած ընկերային, ելեւմտական, տնտեսական եւ իրաւաբանական հարցերը:

«Այս պատասխանատուութիւնը մեզ պէտք է մղէ պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումներուն թղթածրարը չքաղաքականացնելու, այլ զայն չէզոք պահելու», ըսաւ ան:

Քանաան յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ Լիբանանեան համալսարանի թղթածրարը եւ շեշտած, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի մշակած ծրագիրը պէտք է վաւերացուի` նկատի ունենալով դասախօսներուն նշանակման առումով անոր սերտած առողջ չափանիշները:

Քանաան շեշտեց, որ նիւթական հարցերու առումով խորհրդարանական նիստերուն արգելակումը շատ վտանգաւոր է:

Պըրրիի այցելուներէն եղան նաեւ Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտան, ընկերակցութեամբ` նախկին նախարար Ալի Քանսոյի, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիէն: Քննարկուեցան Կազայի վտանգաւոր իրադարձութիւնները` նկատի ունենալով անոր դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքները:

ՆՇԵՆՔ, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը յայտարարեց, որ այսօր բոլոր նախարարութիւններուն եւ պետական հաստատութիւններու վարչութիւններուն մէջ գործադուլ է` աւելցնելով, որ առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00 Քոլայի մէջ բողոքի նստացոյց պիտի կատարուի:

Share this Article
CATEGORIES