Վրաստանի Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

Արտակ Գաբրիէլեան

Արտակ Գաբրիէլեան

Վրաստանի մէջ տեղի ունեցան շրջանային ժողովներու նախագահներու ընտրութիւնները: Ախալքալաք քաղաքի կառոյցի ղեկավար վերընտրուեցաւ Համլեթ Մովսիսեան:

Այս մասին News.am-ին տեղեկացուց Ջաւախքի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեան:

Ըստ անոր, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու համընդհանուր երկրորդ հանգրուան չէ եղած: «Ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուան տեղի ունեցած է այն տեղերը, ուր մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրուած թեկնածուները չեն անցած 50 առ հարիւրի սահմանը: Ախալքալաքի մէջ ընտրական տեղամասերէն մէկուն ընտրութիւններու արդիւնքները վիճելի էին, այսինքն` խախտումներ արձանագրուած էին, այդ պատճառով կրկնակի ընտրութիւններ կատարուեցան: Ախալքալաքի քաղաքապետին կը նշանակէ շրջանային խորհուրդը կամ շրջանային վարչութիւնը: Իսկ առաջին հանգրուանի ընթացքին շրջանային վարչութեան նախագահ ընտրուած էր իշխանութեան ներկայացուցիչ Էդուարդ Աղասերեան», նշեց Արտակ Գաբրիէլեան:

Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուան տեղի ունեցաւ Թիֆլիս, Պաթում, Ռուսթաւի, Փոթի, Մցխեթա, Պզուրկեթի եւ Թելաւի քաղաքներուն մէջ: «Թիֆլիսի մէջ յաղթեց իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութեան թեկնածու Դաւիթ Նարմանիան: Միւս վայրերուն մէջ նոյնպէս հիմնականին մէջ յաղթած են իշխող կուսակցութեան թեկնածուները», ընդգծեց Արտակ Գաբրիէլեան:

Նշենք, որ Վրաստանի մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու հերթական ընտրութիւնները տեղի ունեցան 15 յունիսին: Իսկ որոշ քաղաքներու մէջ ընտրութիւններու երկրորդ հանգրուանը տեղի ունեցաւ 12 յուլիսին:

Share this Article
CATEGORIES