Յայտնաբերուեցաւ Քարվաճառի Մէջ Անհետ Կորսուած 17-Ամեայ Սմբատ Ցականեանի Դիակը

Պատանի Սմբատ Ցականեան

Պատանի Սմբատ Ցականեան

Նոր Էրքեջի գիւղապետ Արա Յովհաննիսեան երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին փոխանցեց, որ յայտնաբերուած է տակաւին 4 յուլիսէն անհետ կորսուած նկատուող Սմբատ Ցականեանի դիակը:

Գիւղապետը յայտնեց, որ երիտասարդին դիակը յայտնաբերած են գիւղէն բաւական հեռու` լեռնային շրջանի մը մէջ:

Արա Յովհաննիսեան նշեց, որ դիակը տեղափոխած են Ստեփանակերտ` փորձաքննութեան համար, եւ տղուն հարազատները տեղեակ պահուած են այդ մասին:

Նշենք, որ Քարվաճառի Ջոմարդ գիւղին մէջ անհետ կորսուած 17-ամեայ Սմբատ Ցականեանի մայրը` Կարինէ Ցականեան, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին համոզմունք յայտնած էր, որ իր որդին առեւանգած են ազրպէյճանցի հետախոյզները: «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընթացքին գիւղապետը ըսաւ, թէ դատելով տղուն դիակին վրայ առկայ հարուածներէն, կրնան ըսել, որ զայն ազրպէյճանական հետախոյզները սպաննած են` աւելցնելով, թէ չի կրնար ըսել, որ պատանին ճշգրիտ ի՛նչ վէրքեր ստացած է:

Share this Article
CATEGORIES