Մինասեան. «Բրիտանիան Պէտք Է Մասնակից Դարձնել Թրքական Մերժողականութեան Դէմ Պայքարին»

1507Artcvik2-6-12 յուլիսին Հայաստան – Բրիտանիա բարեկամական խումբի անդամները Միջխորհրդարանական միութեան մէջ բրիտանական խումբի նախագահին հրաւէրով մեկնեցան Լոնտոն:

Լրագրողներու հետ հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ հարցադրումները, որոնք դրուած էին հայկական պատուիրակութեան առջեւ, բաւական սուր էին ու խորունկ պատասխաններ կ՛ակնկալէին. «Բրիտանիան մեծ ներդրումներ ունի Ազրպէյճանի մէջ եւ ասիկա կ՛ազդէ քաղաքականութեան վրայ: Բայց շատ կարեւոր է, որ մենք կարենանք ներկայանալ լուրջ հակակշիռ ծրարով, որ մեզի կարելիութիւն կու տայ Բրիտանիոյ հետ աւելի գործընկերային յարաբերութիւն հաստատել: Բացի անկէ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ մենք պէտք է Բրիտանիոյ մասնակցութիւնը բերենք թրքական մերժողականութեան քաղաքականութեան դէմ պայքարին մէջ` Բրիտանիային մասնակից դարձնելով այդ պայքարին մէջ»:

Share this Article
CATEGORIES