Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Այսօր ձեր բաղձանքները իրականութիւն պիտի ըլլան, անշուշտ կարելիութեան չափով: Գոհացուցիչ է օրը, անկասկած: Ուրախացէք բարեկամներով:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ուշադիր եղէք ձեր առողջութեան, առանց ժամանակ կորսնցնելու հետեւեցէք բուժման գործընթացին: Ուրիշներու խօսքին մի հետեւիք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ամառնային հանգիստի օր մը ապահովեցէք ձեզի համար, հրաւիրեցէք ձեր բարեկամները եւ միասնաբար զրուցեցէք եւ ուրախ տրամադրութեամբ մնացէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ամրան այս եղանակին աշխատանքի լծուած էք, ինչ որ ճիշդ չէ: Խնդրեցէք ձեր մեծաւորներէն, որ տարուան ձեր արձակուրդը տրուի ձեզի: Ամէն ինչ իր կարգին պէտք է կատարել:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կ՛ուզէք ճամբորդել, բայց ոչ ստիպողաբար, զբօսաշրջիկի իմաստով: Ձեր գործին թոյլտուութեան համեմատ քայլ առէք: Խոհեմ եղէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գրաւոր աշխատանքներ ունիք, թոյլ մի՛ տաք, որ թուղթերու կուտակում ըլլայ, ապա թէ ոչ կրնաք ենթարկուիլ խանգարուած թղթածրար ունենալու:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այսօր ո՛չ մէկ համաձայնութիւն կնքեցէք, ո՛չ մէկ ստորագրութիւն: Նախաձեռնութիւններ կատարելու օր չէ, պէտք է համբերէք քիչ մը եւս:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Յոգնած կը թուիք, հետեւաբար կարեւոր է, որ քիչ մը հանգստանաք: Այսօր ձեր տրամադրութիւնը թոյլ է, եւ բնաւ միտք կամ ուժ չունիք պայքարելու:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դարձեալ փորձ մը կատարեցէք մարզանքի նոր ձեւ մը սկսելու, որպէսզի կարենաք հասնիլ իտէալ բարեձեւութեան: Մտածելը բաւարար չէ, գործի անցէք արդիւնք  ունենալու համար:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Երջանկութիւնը ձեր մէջն է, ձեր մօտը, զայն ուրիշ տեղ մի՛ փնտռէք: Եղէք իրատես եւ ոչ երազկոտ, այն ատեն ամէն հարց կը կարգադրուի լաւ ձեւով:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գործի վերածեցէք, ոտքի հանեցէք ձեր ներքին ուժը, ձեր գիտելիքներու պաշարը, եթէ անշուշտ ունիք այդքան հարստութիւն: Խելացի եղէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դրամական հարցեր դիմակալելու օրն է: Դրամատնային հանդիպումով մը կրնաք ամէն հարց փակել եւ մնալ անհոգ: Կարեւոր է այդ մասին մտածելը:

Share this Article
CATEGORIES