50 Տարի Առաջ (17 Յուլիս 1964)

Խմբագրական

Ազգային Ամօթ

Ամառը, օդափոխութեան եղանակին, աւելի առիթ կ՛ունենանք շփման մէջ մտնելու տարրի մը հետ, որ, ազգային ամօթ, ոչ միայն կը յամառի թրքախօսութեան իր հին ախտին մէջ, այլ, անքաւելի յանցանք, հետզհետէ կը զարգացնէ այդ լեզուն իր շրթներուն վրայ, ու նաեւ` հոգիին մէջ:

Թրքախօսութիւնը, որուն մասին այնքան մելան հոսեցուցած է մեր մամուլը` կարենալ մէկ անգամ ընդմիշտ անհետացնելու համար այդ նախատինքը, աւեր կը գործէ` մեր ազգային դիմագծի անաղարտ պահպանման բոլոր ճիգերը չէզոքացնելով:

Մեր թշնամիի այդ լեզուն, աղաւաղուած ձեւով մը, կոշտ ու կոպիտ, հայհոյանքներու եւ անվայել արտայայտութիւններու անխուսափելի պաշարով տեղ գտած է, դժբախտաբար, քիչ մը ամէնուրեք, այլ մանաւանդ` երիտասարդ սերունդին մօտ, որմէ այլ ակնկալութիւններ ունէինք, առնուազն կը սպասէինք, որ զայն ատէ նոյնքան, որքան կ՛ատէ, անկասկած, թուրքը, իր անլուր ոճիրներուն ընդմէջէն:

Գացէք որեւէ զբօսավայր, մտէք որեւէ սրճարան, ելէք որեւէ ինքնաշարժ, մանաւանդ` օթոպիւս կոչուածը, անպայմանօրէն տիրականը թրքերէնն է, զուարճութեան, խաղի թէ ճամբորդութեան ընթացքին: Ու եթէ կրնաք, գոցեցէք ձեր ականջները, փորձեցէք չլսել ձեր ազգային արժանապատուութիւնը վիրաւորող այդ լեզուն: Պիտի չկրնաք: Ստիպուած պիտի համբերէք: Ու եթէ չհամբերէք, պարզ դիտողութիւն մը կրնայ ոմանց մօտ քմծիծաղ, ուրիշներու մօտ զայրոյթ ստեղծել:

Բազմաթիւ միջոցներ փորձուեցան այս ախտը վերջնականապէս մեր առօրեայ կեանքէն արմատախիլ ընելու համար: Ճիշդ է` մեր վարժարանները այս ուղղութեամբ բաւական աշխատանք տարին հասցնելու համար հայախօս սերունդ մը` զուտ թրքախօս ընտանիքներու մէջ: Բայց այդքանը բաւական չեղաւ: Նոյնիսկ դաս ու դպրոց տեսած պատանիներ ու երիտասարդներ, չենք գիտեր ի՜նչ հաճոյքի համար, թրքերէն կը բարբառին, այն ալ` հրապարակաւ, ուրիշներու ներկայութեան, մարտահրաւէր ուղղելու պէս:

Այդպիսիները անպատիժ պէտք չէ մնան: Եւ լաւագոյն պատիժը անոնց հետ ամէն յարաբերութիւն խզելն է, այնքան ատեն որ կը յամառին այդ ամօթալի մոլութեան մէջ: Պէտք է զգացնել այդպիսիներուն, թէ իրենց ընթացքով մուր կը քսեն հայութեան ճակտին, կը վիրաւորեն մեր ազգային արժանապատուութիւնը այն աստիճան, որ օտարներ մեր մայրենի լեզուն կը կարծեն… թրքերէնը:

Անշուշտ այս տողերը դժուար թէ հասնին թրքախօսներուն: Անոնք ապահովաբար, հայերէն թերթ ալ չեն կարդար: Ու նոյնիսկ, հարեւանցի կարդան իսկ, փորձութիւնը չունենան աչք մը նետելու խմբագրական սիւնակին վրայ, որովհետեւ թերթի մը հանդէպ իրենց հետաքրքրութիւնը ոճիր-արկածներու սահմանէն անդին չ՛անցնիր: Բայց պէտք է կարդալ անոնց, պարտադրաբար, ամէն ձեւի հնարամտութիւն ի գործ դնելով: Ու կարդալէ ետք ալ` ընդլայնել մտքերը, դուրս գալ թերթի մը սիւնակներէն եւ ցոյց տալ, գործնապէս, թրքախօսութեան ախտին աւերները մեր հանրային կեանքին մէջ:

Թրքախօսութեան դէմ տասնամեակներու անդուլ պայքարին ձախողութիւնը պէտք չէ տկարացնէ բարեացակամ ազգայիններու վճռակամութիւնը: Իւրաքանչիւր գիտակից հայ եթէ թրքախօս մը թիրախ ընտրէ եւ անոր մէջ ներմուծէ գիտակցութիւնը իր գործած աւերին ու նաեւ սէրը` հայ լեզուին, իւրաքանչիւրին մօտենալու իւրայատուկ եղանակով, վստահաբար մեծ գործ մը կատարուած կ՛ըլլայ այս ուղղութեամբ, եւ ամէնէն յամառ թրքախօսներն իսկ կ՛ամչնան հրապարակով այդ լեզուն գործածելէ:

Այսօրուան կրաւորական դիրքը` այդ մոլութեան հանդէպ, աւելի եւս կրնայ քաջալերել անուղղաները: Մինչ մեզմէ իւրաքանչիւրին համբերատար աշխատանքը անպայման որ կու տայ իր բարերար արդիւնքը:

Ամառուան այս երեք ամիսները պարապ պէտք չէ անցնին:

Share this Article
CATEGORIES