Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յունաստան
Մակեդոնիոյ Եւ Թրակիոյ Հ. Գթ. Խաչի
Խալքիտիքիի Ամարանոցը Իր Հիւրընկալ
Գիրկին Մէջ Ընդունեց Աւելի Քան 100 Բանակող
Խալքիտիքիի Փեֆքոխորի շրջանին մէջ, 25-րդ շարունակական տարին ըլլալով, իր դռները բացաւ Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ գթութեան խաչի Շրջանային վարչութեան ամարանոցը, ուր կը հիւրընկալուին 100-է աւելի հայ պատանի-երիտասարդներ:
Ինչպէս ամէն ամառ, Խալքիտիքիի ծառախիտ բանակավայրը երեք շաբթուան ընթացքին ժամադրավայրը պիտի հանդիսանայ հայ երիտասարդութեան: Թրակիայէն եւ Թեսաղոնիկէէն մասնակցող բանակողներու կողքին պիտի ըլլան Աթէնքէն եւ Քոքինիայէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ու Լիբանանէն բանակողներ: 10 յուլիսին բանակավայր հասան բոլոր պատանիները, որոնց հոգատարութիւնը ստանձնած են Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ գթութեան խաչի Շրջանային վարչութեան անդամները եւ վրանապետի դերով օժանդակ երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, որոնք ամարանոցի լման տեւողութեան ընթացքին ներկայ պիտի ըլլան ու պիտի հոգան բանակող պատանիներու բոլոր կարիքներուն:
Յատուկ ջանք տարուած է ցած պահելու համար ամարանոցի մասնակցութեան սակը, նկատի առնելով, թէ մեր հայրենակիցներէն շատեր դժուարութեամբ կը դիմագրաւեն տնտեսական տագնապը: Բանակողներու թիւը կը հաստատէ, որ Հայ գթութեան խաչի տարած ճիգը կ՛արժէ աւելիով. միութեան նիւթական ներդրումով կարելի եղաւ նուազեցնել տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւող ընտանիքներուն բեռը:
Բանակումին կը մասնակցին նաեւ լիբանանահայ 11 պատանի-պարմանուհիներ եւ օգնական մը` Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան օժանդակութեամբ: Ամարանոցի յայտագիրը հիմնուած է դաստիարակչական-զուարճանքի պահերով լեցուն երեք շաբթուան ծրագրի մը վրայ, որուն մէջ ներառուած են ծովու լոգանքի, պտոյտներու, դասախօսութիւններու, երգի ու պարի ուսուցման եւ ընկերային երեկոներու ժամեր:
Ամարանոցի պաշտօնական փակման հանդէսը ծրագրուած է շաբաթ, 26 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին. այդ օր բոլորին ներկայութիւնը մեծ հաճոյք պիտի պատճառէ բանակողներուն եւ կազմակերպողներուն:
Բանակումը պիտի աւարտի յաջորդ օր` կիրակի, 27 յուլիսին:
Ֆրանսա
Հայկական Մշակութային Նախաձեռնութիւններ
Ֆրանսայի Մեծ Քաղաքներուն Մէջ
Հովանաւորութեամբ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, կազմակերպութեամբ Ֆրանսահայ երիտասարդական միութեան, աջակցութեամբ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, վերջերս տեղի ունեցան Հայաստանի պարարուեստի պետական «Բարեկամութիւն» համոյթին հիւրախաղերը, որոնք իրենց աւարտին հասան 5 յուլիսին`
Մարսէյի Համագումարներու պալատին մէջ տեղի ունեցած համերգով:
Ելոյթներ կայացան Փարիզի, Լիոնի եւ Մարսէյի նշանաւոր սրահներուն մէջ. հայ երիտասարդներ նորարարական շունչով ու երաժշտական տպաւորիչ ընտրանիով մեկնաբանեցին Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի, Արամ Խաչատրեանի, Վիվալտիի, Մոցարթի եւ այլ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններէն կտորներ:
Նիսի Համահայկական Միութեան Տարեվերջի
Գրական Եւ Երաժշտական Ձեռնարկը
Կազմակերպութեամբ Նիսի Համահայկական միութեան, 29 յունիսին «Սենթ Փանքրաս»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միութեան տարեվերջի գրական եւ երաժշտական ձեռնարկը:
Միութեան վարչութեան անունով Նարինէ Պետրոսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ հայկական մշակութային արժէքներուն:
Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին «Աստղիկ» եւ «Արեւիկ» մանկական խումբերը:
Կարինէ Այվազեան իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց ծնողներուն` իրենց աջակցութեան համար:
Աւարտին, Նիսի հոգեւոր հովիւ Գրիգոր վրդ. Խաչատուրեան ելոյթ ունենալով` անդրադարձաւ Մաշտոցի սուրբ աշխատանքին:
Քանատա
Յունիս 28-ին, ի պատիւ Քանատահայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Աբգար վրդ. Յովակիմեանի, Լաւալի մէջ տեղի ունեցաւ «Սասնայ երկիր» ժողովրդական երգի-պարի երեկոյ` մասնակցութեամբ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ «Սասուն» պարախումբին, ընդհանուր գեղարուեստական ղեկավար` Ճօ Աւագեան: Սասնայ աւանդական եւ հայկական երգերով ելոյթ ունեցաւ Հայաստանէն ժամանած հանրայայտ երգիչ Ռուբէն Սասունցի:
Յունիս 29-ին Աբգար վրդ. Յովակիմեան իր անդրանիկ պատարագը մատուցեց Մոնրէալի առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Ս. պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ առաջնորդական գաւազանի փոխանցում, որմէ ետք օրուան պատգամն ու քարոզը փոխանցեց նորընտիր առաջնորդ սրբազանը:
Աւարտին եկեղեցւոյ «Մարի Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` որպէս բարի գալուստ առաջնորդ սրբազանին եւ ի շնորհակալութիւն եւ հրաժեշտ Նաթան արք. Յովհաննիսեանի:
Միացեալ Նահանգներ
Հայ Անուանի Յօրինող Կոնստանդին
Պետրոսեանին Պարգեւատրումը
Յունիս ամսուան ընթացքին տեղի ունեցաւ Փրովիտենսի Ս. Սահակ-Մեսրոպ եկեղեցւոյ հարիւրամեակին նուիրուած հանդիսաւոր համերգ: Համերգի ընթացքին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ հայ անուանի յօրինող Կոնստանդին Պետրոսեան պարգեւատրուեցաւ «Սուրբ Սահակ-Մեսրոպ» շքանշանով:
Կոնստանդին Պետրոսեան հեղինակ է սիմֆոնիք, երգչախմբային, սենեկային, գործիքային եւ ձայնային գործերու: 1976-80 թուականներուն ան եղած է Հայաստանի ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի էսդրատային-սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար: Ան հեղինակային համերգներ ունեցած է Երեւանի Ա. Խաչատուրեանի անուան համերգային մեծ դահլիճին եւ տուն-թանգարանին մէջ: 1976-էն մինչեւ օրս Հայաստանի յօրինողներու միութեան անդամ է: Ներկայիս ան նախագահն ու գեղարուեստական ղեկավարն է Ռոտ Այլընտի Հայկական փառատօն կազմակերպութեան, Փրովիտենսի Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ մշակոյթի եւ երաժշտութեան գեղարուեստական տնօրէնն է, ղեկավարն է նաեւ Ռոտ Այլընտի եւ Պոսթընի հայկական երգչախումբերու: Ստացած է զանազան յուշագրեր եւ մետալներ:
Յակոբ Վարդիվառեանի Ի Պատիւ Մեծարանքի
Հանդիսութիւն
Յունիս 21-ին Նիւ Ճըրզիի «Քլինթըն Ինն» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային ու հասարակական գործիչ, մտաւորական, հրապարակագիր, խմբագիր Յակոբ Վարդիվառեանի մեծարանքի հանդիսութիւնը:
Օրուան հանդիսավար Օլիմփիա Ճեպեճեան անդրադարձաւ ձեռնարկի նպատակին, ապա ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Վարդիվառեանին ունեցած գործունէութիւնը: Կազմակերպիչ մարմինին անունով ելոյթ ունեցաւ տոքթ. Վաղինակ Դարբինեան, որ շեշտեց, թէ Վարդիվառեան ոչինչ խնայած է նուիրաբերելու համար յանուն հայրենիքին, սփիւռքին եւ ազգին: Սրտի խօսք ուղղեց մեծարեալի որդին` Հայկ Վարդիվառեան:
«Յակոբ Վարդիվառեան երեւոյթը» նիւթը ներկայացուց Երուանդ Ազատեան, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ Ամերիկայի բանակային վեթերաններու նախարար Անթոնի Փրինսիփ եւ դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան:
Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ յանձնեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ Ս. Սահակ» շքանշանը, իսկ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի նոր նշանակուած դեսպան Զոհրապ Մնացականեան` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին կողմէ շնորհուած «Մովսէս Խորենացի» պատուոյ շքանշանը:
Այնուհետեւ սրտի խօսք փոխանցեցին ներկաներէն ոմանք, որմէ ետք շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ մեծարեալը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
«Քեսապ` Պատառ Մը Հայաստան» Ժապաւէնի
Ցուցադրութիւնը
Կազմակերպութեամբ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, 22 յունիսին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Վաչէ Սողոմոնեանի պատրաստած «Քեսապ` պատառ մը Հայաստան» ժապաւէնը:
Հոգաբարձութեան անդամ Վարուժան Տէր Սիմոնեան նկատել տուաւ, որ ժապաւէնին մէջ ներկայացուած են Քեսապի տեսարժան վայրերը, որոնք մեր հոգիներուն մէջ պիտի թարմացնեն անցեալի քաղցր յիշատակները: Վաչէ Սողոմոնեան ներկայացուց իր կենսագրականը եւ յայտնեց, որ սրտի պարտք մը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ բաժնեկից կը դարձնէ իր գիւղի անցեալի պատմութիւնն ու աւանդութիւնները:
Ժապաւէնը լայնօրէն կ՛անդրադառնայ Քեսապի ժողովուրդի առօրեային, զբաղումներուն, աւանդութիւններուն, շրջաններուն մէջ գործող համայնքներուն, եկեղեցիներուն, չորս դպրոցներուն եւ միութիւններուն: Ասոնց կողքին, կը ցուցադրուին նաեւ տնտեսական մարզի զանազան երեւոյթներ, ինչպէս` շերամաբուծութիւն, այգեգործութիւն:
Աւարտին Քեսապի Ուսումնասիրաց միութեան ներկայացուցիչ Ճորճ Մաշիկեան տեղեկութիւններ փոխանցեց քեսապահայերուն մասին:
Երաժիշտ Հայրապետ Առաքելեանին Ելոյթը
Պոսթըն Փափսի Հայկական Երեկոյին
Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Հայ մշակոյթի բարեկամներու միութեան, 13 յունիսին տեղի ունեցաւ «Պոսթըն փափս»-ը, որ կը կատարուի տարեկան դրութեամբ:
Այս տարուան «Պոսթըն փափս»-ի հայկական երեկոյի հիւրն էր երիտասարդ երաժիշտ Հայրապետ Առաքելեանը, որ սաքսոֆոնով նուագեց արժանթինցի Ասթոր Փիացոլայէն քանի մը կտորներ:
Ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Քիթ Լոքըրթի, «Պոսթըն փափս»-ի նուագախումբը ընկերակցեցաւ Առաքելեանի ելոյթին:
Յայտնենք, որ ի յիշատակ Արամ Ղարաբեկեանի` նուագախումբը ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանի «Գայեանէ»-էն կտոր մը: Լոքըրթ անդրադարձաւ Ղարաբեկեանին կատարած աշխատանքին` թէ՛ Միացեալ Նահանգներու եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ:
Հարկ է նշել, որ Առաքելեան տիրացած է մրցանակներու, որոնց կարգին` Գերմանիոյ երիտասարդ երաժիշտներու (2009), Անքոնայի (Իտալիա) եւ Նանթի (Ֆրանսա) մրցանակները:
Վրաստան
«Ջաւախքի Ճամբար» Ծրագիրի Բացում
Յուլիս 10-ին Ախալցխայի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ Հայաստանի քայլերգով բացումը կատարուեցաւ սովորութեան վերածուած «Ջաւախքի ճամբար» ծրագիրին: Անիկա կը տեւէ 10 օր, որոնց ընթացքին 8-14 տարեկան 80 պատանիներ Միացեալ Նահանգներէն ժամանած հայ երիտասարդներէն կը սորվին հայկական պարեր, երգեր, հայոց պատմութիւն, խաղեր եւ շատ մը այլ հետաքրքրական բաներ:
Պիտի կազմակերպուին նաեւ տարբեր նիւթերով դասախօսութիւններ, պատանիները ժապաւէններ պիտի դիտեն եւ տարբեր ձեռնարկներու մասնակցին:
«Ջաւախքի ճամբար» ծրագիրով պիտի կայանան արշաւներ` դէպի քաղաքի հայկական սրբավայրերը:
Տուեալ ծրագիրը 2012-էն ի վեր կը կատարուի Հայ օգնութեան միութեան աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ` մասնաւոր օժանդակութիւններով:
«Ջաւախքի ճամբար» ծրագիրը կը գործադրուի Ախալցխայի եւ Ախալքալաքի մէջ, ուր 10 յուլիսին տեղի ունեցաւ ծրագիրի պաշտօնական բացումը:
Ախալցխայի Հայկական Սրբավայրեր Այցելեցին
Վիրահայոց Թեմի Երիտասարդական Բաժնի Անդամները
Նախաձեռնութեամբ վիրահայոց թեմի երիտասարդական բաժինին, 1 յուլիսին տեղի ունեցաւ Թիֆլիսի հայ երիտասարդներու ուխտագնացութիւնը` դէպի Ախալցխայի հայկական սրբավայրեր:
Առաջին այցելութիւնը տրուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր խօսք առին Ախալցխայի հոգեւոր տեսուչ հայր Յակոբ Սահակեան եւ Եղիշէ Ա. քհնյ. Յարութիւնեան, որոնք երիտասարդներուն ծանօթացուցին եկեղեցւոյ պատմութիւնը:
Այնուհետեւ երիտասարդները այցելեցին Ս. Նշան եկեղեցի, ուր կարդացին եկեղեցւոյ մէջ պահուած հայկական արձանագրութիւնները:

