Հայ Աւետարանական Փ. Եւ Է. Թորոսեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէս
Շաբաթ, 21 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի եւ միջնակարգի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները հնչելէն ետք վարժարանի հոգաբարձու Վարդուկ Պալգճեան ըրաւ Աստուածաշունչի ընթերցումն ու աղօթքը: Ապա վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեան բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօս Վերա Սվաճեանը, որ եղած է տարիներու կրթական մշակ: Ան խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն եւ ներկաներուն` ըսաւ, թէ մեր կեանքին մէջ կը լսենք արտասովոր ձայներ, աղմուկ, որ կը խանգարէ մարդու մը հաւասարակշռուած կեանքը: Այս ձայներուն անսալով, մեր երիտասարդ մայրերն ու հայրերը կը բռնեն սխալ ճանապարհ: Այս դարուս ամօթը եւ մեղքը վերցուած է, անոնց հագցնելով տարբեր տարազ` ազատութիւն, եւ ազատ ընտրութիւն ընելու կամք: Ան նշեց, որ աշակերտները կրնան լսել հայկական դպրոցին սորվեցուցած հաւատքին հակառակ ձայներ, հակառակ սկզբունքներ, հակառակ համոզումներ, որոնց նպատակն է լռեցնել իրենց մէջ թրծուած հաւատքի ձայնը: Բանախօսը կոչ ուղղեց` արթուն եւ զգաստ մնալու, որպէսզի զանազանուի ճիշդը սխալէն: Ան ըսաւ, որ Աստուած կարողութիւնը տուած է ուղղութիւն ճշդելու, պէտք է օգտագործել զայն եւ չմոլորիլ:
Ապա վարժարանի երգչախումբը` խմբավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի հանդէս եկաւ երեք հայերէն երգերով: Յաջորդեց վեցերորդ կարգի խմբային ասմունքը եւ խմբերգը: Մթնոլորտը խանդավառեց վարժարանիս պարախումբը, որ պարուսոյց ունենալով Մարիա Շէնզեանը, ներկաներուն հրամցուց «Հայ հայ» պարը:
Ապա ներկաները դիտեցին 2013-2014 տարեշրջանի գործունէութիւններուն մասին տեսերիզ մը, որ ամփոփ ձեւով ներկայացուց տարուան ընթացքին տեղի ունեցած գործունէութիւնները` ըլլան անոնք դպրոցին մէջ կամ արտադասարանային, ապա ներկայացուեցաւ իններորդ կարգի երազները: Իններորդ աւարտական կարգէն երեք աշակերտներ Խաչիկ Սերոբեան` հայերէն, Յակոբ Աւետիքեան արաբերէն եւ Ալիսիա Իշխանեան անգլերէն լեզուներով կարդացին իրենց պատրաստած ուղերձները, որոնց ընդմէջէն իրենց դասընկերներուն եւ իրենց անունով շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց սիրելի վարժարանին, տնօրէնութեան եւ ուսուցչակազմին եւ ծնողներուն, որոնք ջանք չխնայեցին իրենց ջամբելու հայեցի եւ քրիստոնավայել դաստիարակութիւն:
Ապա տեղի ունեցաւ վեցերորդ եւ իններորդ կարգի վկայականաց բաշխումը: Վարժարանէս վեցերորդ դասարանի վկայական ստացան 14 շրջանաւարտներ, իսկ իններորդ կարգէն` 12: Վկայականներու կողքին յանձնուեցան յատուկ մրցանակներ. վեցերորդ կարգէն «Հայ աւետ. Էմմ. եկեղեցի» Աստուածաշունչի մրցանակը ստացաւ Դալար Պորոյեանը, տիպար հանդիսացաւ Յակոբ Գիզիրեանը, իսկ իններորդ կարգէն «Կարուճ եւ Լիտիա Սվաճեան» հայերէնի եւ « Հայ աւետ. Էմմ. եկեղեցի» Աստուածաշունչի մրցանակները ստացաւ Խաչիկ Սերոբեանը, տիպար աշակերտի եւ «Անանիա Շիրակացի» ուսողութեան մրցանակները ստացաւ Աբրահամ Հաննէեանը, «Նարօտ» անգլերէնի մրցանակը ստացաւ Յակոբ Աւետիքեանը, իսկ «Աւետիս Սահակեան» հայոց պատմութեան մրցանակը ստացաւ Ալիսիա Իշխանեանը:
Փակման խօսքը կատարեց վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեանը: Ան իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ, թէ մեր դիմաց կան երկու աւարտական խումբեր, որոնք աւարտելով տարբեր հանգրուաններ ստացան համապատասխան վկայականներ: Ան նշեց, որ վեցերորդ կարգի շրջանաւարտները յստակ է, որ պիտի շարունակեն իրենց հիմնական կրթութեան ընթացքը, իսկ իններորդ կարգի շրջանաւարտները պիտի ձգեն վարժարանը` հետեւելու համար երկրորդական բաժնի դասընթացքներուն: Ան շեշտեց, որ թէեւ անոնց երթը կ՛աւարտի այդ վարժարանին մէջ, սակայն անոնց սորված սկզբունքներուն եւ գիտելիքներուն երբեք վերջակէտ չի դրուիր: Տնօրէնը նշեց, որ եթէ աշակերտը գտնէ կեանքի իմաստը եւ նպատակը, ուրախութիւնը եւ յաջողութիւնը ինքնաբերաբար կը յաջորդէ անոր: «Ձեր կեանքին մէջ Աստուծոյ խօսքին անսացէք եւ զգուշ եղէք միջակութենէ եւ անհոգութենէ», յորդորեց Ս. Գարակէօզեան:
Հանդէսի աւարտին զոյգ դասարանի շրջանաւարտները իրենց երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելու համար Հայ Աւետ. Թորոսեան վարժարանին եւ իրենց ծնողքներուն յատկանշական նուէրներ յանձնեցին անոնց:
Վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեանի առաքելական օրհնութեամբ փակուեցաւ հանդէսը:

