Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրորդական Վարժարան 80-Ամեակի Կրթական Տարեվերջ

2013-2014 տարուան ընթացքին չորս տարբեր յայտագիրներով Հայ աւետարանական Շամլեան- Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի աշակերտներ տօնեցին իրենց յատուկ հանգրուանին աւարտը` ուրախացնելով իրենց ծնողներն ու մեր սրտերուն մէջ վառ պահելով աւելի լաւ ապագայի մը կայծկլտուն յոյսը: Նշուած յայտագիրներուն մասին` ստորեւ ամփոփ տեղեկութիւններ, ժամանակագրական հերթով:

Shamlian_(269)16 մայիս 2014. Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանը իր հունձքը յղեց կեանքի նոր հանգրուանին: 19 աշակերտներ աւարտեցին 12-րդ կարգի դժուար, բայց հաճելի ընթացքը եւ մեկնեցան դէպի կեանքի նոր, հետաքրքրական եւ մարտահրաւէրներով լեցուն հանգրուան մը:

Օրուան բանախօսը` վեր. Րաֆֆի Մըսրլեան իր խօսքին մէջ շեշտեց ընտանիքի եւ դպրոցի միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը` պատրաստելու համար աշակերտը ընկերութեան մէկ լաւ անդամը ըլլալու:

Տնօրէն Վարդուհի Պալըքճեան մարտահրաւէրի առջեւ դրաւ աշակերտը` նայելու «դէպի վեր», դէպի Աստուած, հնազանդութիւն, գիտակից պատասխանատուութիւն, աշխատասիրութիւն եւ բարի ընկերակցութիւն:

Յայտագիրին ընթացքին Մարիա Կիրակոսեան ասմունքեց «Դպրոցն ահա» ոտանաւորը, Գարոլին Քէշիշեան եւ զուլալ Շատոյեան յաջորդաբար կարդացին հայերէն եւ արաբերէն ուղերձները: Աշակերտները ապա երգեցին «Վերջին զանգը»`  արտայայտելով իրենց սէրը եւ գնահատանքը իրենց վարժարանին հանդէպ:

Այս տարի յայտագիրը ընդգրկեց ջահի փոխանցում, ուր 12-րդ կարգէն Էտի Սէրայտարեան դպրոցի ջահը եւ անոր հետ եկած պատասխանատուութիւնը փոխանցեց 6-րդ կարգի Հելենա Ապուսէֆեանին:

Վեր. Րաֆֆի Մըսրլեան օրհնութեան աղօթքով փակեց հանդէսը:

Բակին մէջ ծնողք-զաւակ միասնաբար վառեցին մոմեր, որոնք փուչիկներով բարձրանալով դէպի վեր շեշտեցին օրուան իմաստը:

KG-Grad6 յունիս 2014. «Տօնակատարութիւն» ընդհանուր անուան տակ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի Ծիլ, Բողբոջ եւ Կոկոն դասարաններու հանդէսը:

Իննամսեայ դպրոցական տարեշրջանէ մը ետք Ծիլ դասարանի աշակերտները իրենց դողդոջուն քայլերով բարձրացան բեմ` կիթառները պատրաստ, եւ ամենայն հարազատութեամբ ներկայացուցին իրենց պատրաստած պարը:

Բողբոջ եւ Կոկոն դասարանները սորված էին վեր առնել ընտանիքի պատկերը, հօր եւ մանաւանդ մօր դերը, զոր իրենց հայերէն թէ արաբերէն պարերուն ընդմէջէն փոխանցեցին ներկաներուն:

13 յունիս 2014.  Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ «Կ. Հասէսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  մանկապարտէզի շրջանաւարտից հանդէսը, ուր երեսունչորս ծաղիկներ ստացան իրենց առաջին վկայականները:

KG-Grad1Վարժարանին 80-ամեակը` որպէս հանդէսի նիւթ առնելով, հին եւ նոր աշակերտները միասին բեմ բարձրացան, շրջանաւարտները առաջնորդեցին ներկայ Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտները դէպի բեմ:

Աշակերտները հրամցուցին սաղմոսներու եւ հոգեւոր երգերու փունջ մը, որմէ ետք Ծաղիկ դասարանի աշակերտները պարեցին հայկական եւ արաբական պարեր:

Մանկապարտիզպան Զեփիւռ Քէշիշեան իր խօսքին մէջ վեր առաւ հայ դպրոցի կենսական դերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին շրջանաւարտներու, որոնք տարուան ընթացքին մէջ ուրախութեամբ հիւր ընկալած էին Ծաղիկ դասարանի այցելութիւնները:

Իր հուսկ բանքին մէջ տնօրէն Վարդուհի Պալըգճեան շեշտեց այս ծաղիկներուն համար միասին տուն-դպրոց աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը, իսկ փոքրիկ շրջանաւարտը խրատեց ամէն օր նոր բան մը սորվիլ:

Shamlian_(37)28 յունիս 2014. Երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ «Կ. Հասէսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի ամավերջի հանդէսը` «Տաղանդներու օր» յայտագիրի աւարտին:

Վարժարանի նախակրթարանի բոլոր աշակերտները հերթով բեմ բարձրացան` ներկայացնելու համար ինը ամիսներու ընթացքին իրենց սորվածն ու իւրացուցածը:

Յայտագիրը բաժնուած էր երկու մասի: Առաջին մասը կ՛ընդգրկէր պաշտամունք` փառաբանութիւն, բացման խօսքը` նախակրթարանի պատասխանատու Յասմիկ Պոյմուշաքեանի կողմէ, ինչպէս նաեւ վարժարանիս ակումբ-խումբերու խոհարարութեան, ձեռային, երգ ու պարի ներկայացումները:

Երկրորդ բաժինը Զ. կարգի վկայականի բաշխման հանդէսն էր: 18 շրջանաւարտներ վկայական ստացան եւ վարժարանի 80-ամեակին առթիւ  խոստացան նուաճել նոր բարձունքներ, ո՛չ առանձին, այլ բարձրացնել նաեւ իրենց ընտանիքը, ազգն ու վարժարանը:

Յայտագիրը վերջ գտաւ վարժարանիս տնօրէն Վարդուհի Պալըգճեանի յորդորներով, մաղթանքներով ու շնորհաւորական խօսքերով:

 

Share this Article
CATEGORIES