Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Ժբ. Աւարտական Դասարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

avardaganvgayagan95-fՈւրբաթ, 4 յուլիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» մարզամշակութային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԺԲ. աւարտական դասարանի վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը:

avardaganvgayagan69Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդէսը սկսաւ «աւարտական դասարանը` նկարներով» տեսերիզին ցուցադրութեամբ, որմէ ետք աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին Մ. Իշխանի «Ողջոյն քեզ կեանք»-էն հատուածներ, ապա Ալիք Գանտահարեան եւ Նանոր Այնթապլեան պարեցին «Ուզունտարա»-ն: Հանդէսի գեղարուեստական բաժինը աւարտեցաւ խմբանուագով մը (A. Vivaldi: Concerto en si mineur, pour 4 violons-Allegro)` Նարէ Աղասարգիսեան դաշնամուրի վրայ եւ ջութակահարներ Արին Թաշճեան, Նարէ Աշգարեան, Նարօտ Խտրլարեան եւ Նարօտ Սերուժեան:

ԺԱ. դասարանին կողմէ ողջերթի ուղերձ կարդաց Լոռի Սարգիսեան, որ ըսաւ. «Կեանքը խաղ մըն է»,  կ՛ըսէ Լեւոն Շանթ Օհան Գուրգէնի բերնով «Կայսր» թատերախաղին մէջ, եւ իւրաքանչիւրին պարտականութիւնն է լեցնել այդ կեանքը: Ձեզի կը մաղթեմ բարի ճանապարհ դէպի ձեր երազները եւ անոնց իրագործումը, կը մաղթեմ թռիչք դէպի լաւագոյնը ձեր մասնագիտութիւններուն մէջ, դէպի Օհան Գուրգէնի անվերջ ձգտում արթնցնող Պետքար լեռը»: Լոռի Սարգիսեան  ուղերձը աւարտեց Գարեգին Նժդեհի այն խօսքով, որ կ՛ակնարկէ նաւաստիներու մեկնումի կանչին. «Դա նաւաստիներու կանչն է ուղղուած քեզ: Խռովայոյզ է ծովը… սակայն նաւազներն արթուն են, պատրաստ եւ սթափ: Նաւը ալեկոծ, բայց անսոյզ պիտի հասնի նաւահանգիստ»: Ան մաղթեց շրջանաւարտներուն, որ այդ նաւուն պէս հասնին իրենց նպատակներուն:

avardaganvgayagan66Աւարտական սերունդին կողմէ ուղերձ կարդաց Ալիք Գանտահարեան, որ ըսաւ, թէ շրջանաւարտ ըլլալ չի նշանակեր բաժնուիլ ուխտավայր, անփոխարինելի հարազատ յարկ հանդիսացած Ճեմարանէն:

Ան հաստատեց. «Մեր կեանքի իւրաքանչիւր հանգրուանին մեր հայեացքները պիտի ուղղենք Ճեմարանին, զայն կերտած Լեւոն Շանթին ու Աղբալեանին, այդ մեծ գործը շարունակած Վրացեանին ու Տասնապետեանին եւ տակաւին Մուշեղ Իշխանին, Գառնիկ Բանեանին, Գառնիկ Գիւզալեանին եւ շատ ու շատ երախտաւորներու, որոնց պատգամները, շունչն ու մանաւանդ կենդանի օրինակները, իբրեւ ուղեցոյց, պիտի շարունակեն լուսաւորել մեր կեանքի տարբեր հանգրուանները: Այն անկաշկանդ մթնոլորտը, որուն մէջ կազմաւորուեցանք իբրեւ հայ, պիտի շարունակէ բնորոշել մեր անհատական ու հաւաքական կեանքը… Ճեմարանական ըլլալը, այո՛ յատկանիշ է: Դրոշմ է, բայց առանձնաշնորհում չէ: Համարձակութիւն է, բայց անպատկառութիւն չէ: Հարցապնդում է, բայց աւելորդ հետաքրքրասիրութիւն չէ: Ազատութիւն է, բայց անպատասխանատուութիւն չէ: Ընդդիմանալ է ի հարկին, բայց անարգել չէ: Քննական միտք է, սակայն առանց կաղապարումի, առանց նեղմտութեան եւ հատուածականութեան»: Ալիք Գանտահարեան հաստատեց, որ Ճեմարանը պիտի շարունակէ իրենց համար ըլլալ հարազատ տիրական յարկ, գաղափարի տունը, ուր իրենց կեանքը ծաղկեցաւ:

Հրաժեշտի ուղերձէն ետք, Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան բեմ բարձրացաւ մրցանակաբաշխութեան համար: Հանտեան Սէրուժ արժանացաւ աւարտական դասարանի բարձրագոյն միջին ապահովողի «Մարք Արտալճեան», աւարտական դասարանի գիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Կարօ Սիւրմէլեան», երկրորդական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Ֆորումի մասնակցութեան եւ Գերազանց արդիւնքներ ապահովող ու միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր Յովսէփեան» մրցանակներուն: Աւարտական դասարաններու մէջ հայերէնագիտական լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսի յիշատակի ֆոնտ»-ի մրցանակներուն արժանացան գրական բաժինէն` Տէտէեան Հրակ, իսկ գիտական բաժինէն` Տէրունեան Շանթ: Մեսրոպեան Սթեֆանի արժանացաւ աւարտական դասարաններու արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Լուի Օհանեան» մրցանակին: Գերազանց արդիւնքներ ապահովող եւ միաժամանակ հասարակական գործունէութիւն ունեցողի «Արշաւիր Յովսէփեան» երկրորդ մրցանակին արժանացաւ գրական բաժինէն Գանտահարեան Ալիք: «Ջահակիր»-ի պատրաստութեան լաւագոյն մասնակցութեան «Վիգէն Զաքարեան» մրցանակը ստացան Աղասարգիսեան Նարէ եւ Խտրլարեան Նարօտ: Նախակրթարանի մէջ հայերէնագիտական նիւթերու լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Սօսի Մաւիսաքալեան» մրցանակին արժանացաւ Գօգօղլանեան Նարէ: Թ. դասարանի արաբերէնի լաւագոյն միջին ապահովողի «Սօսէ Սէփէթճեան» մրցանակը ստացաւ Սերուժեան Նարօտ: Ժ. դասարանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան լաւագոյն արդիւնք ապահովողի «Հուրի Պերթիզլեան» մրցանակին արժանացաւ Գէորգեան Արամ: Տիպար մարզիկի եւ տիպար մարզիկուհիի «Վարդգէս եւ Լուսին Ծատուրեան» մրցանակները ստացան Տիսչեքէնեան Սերժ եւ Տէր Պետրոսեան Շաղիկ: Տիսչեքէնեան Սերժ արժանացաւ նաեւ ծառայասէր ու հոգատար աշակերտի «Վիգէն Աղասարգիսեան» մրցանակին:

Մրցանակաբաշխութենէն ետք տնօրէնը անդրադարձաւ երկու յոբելեաններու. առաջինը` Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 25-ամեակին, երկրորդը` Մ. Իշխանի ծննդեան 100-ամեակին: Ան շեշտեց Հայ Ճեմարանի շրջանաւարտ եւ մտաւորական Մ. Իշխանի ունեցած ներդրումը հայեցի դաստիարակութեան մէջ մասնաւորապէս եւ ազգանուէր գործունէութիւնը ընդհանրապէս: Տնօրէնը անդրադարձաւ 85-ամեակի սեմին գտնուող Հայ Ճեմարանի շրջանաւարտներու մեծ փաղանգին, անոր մեծամասնութեան ունեցած ազգային հասարակական գործունէութեան եւ մաղթեց, որ այս տարուան շրջանաւարտները եւս նոյն ոգիով շարունակեն անոնց ուղին: Ի վերջոյ Տիգրան Ճինպաշեան բարձր գնահատեց ճեմարանականներուն յաջողութիւնները թէ՛ համալսարաններու մէջ եւ թէ աւարտական քննութիւններուն` յայտնելով, թէ այս տարուան հունձքը արդէն իսկ փայլուն յաջողութիւն արձանագրած է ֆրանսական պաքալորէայի քննութիւններուն` 29 աշակերտներէն 28 յաջող, որոնցմէ 17 աշակերտներ յիշատակութեան արժանացած են:

Իր խօսքէն ետք Տ. Ճինպաշեան շնորհաւորեց  շրջանաւարտները եւ Ճեմարանի մեծ ընտանիքը, ապա բեմ հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան փոխ ատենապետ Մկրտիչ Եափուճեանը` մասնակցելու վկայականներու յանձնումին: Շրջանաւարտի վկայականներ ստացան.

Գրական ճիւղէն` Այնթապլեան Նանոր, Տէտէեան Հրակ, Գանտահարեան Ալիք, Տիսչեքէնեան Սերժ, Մկրտիչեան Ցոլեր, Միսիրեան Յակոբ, Փոլատեան Նարինէ, Կէօվշէնեան Պետրոս, Սամուէլեան Սէրլի, Մկրտիչ Արթիւր, Սայեղ Սինթիա, Սիւփիւրկէճեան Սարին, Թոքաթլեան Ռիթա:

Գիտական ճիւղէն` Աղասարգիսեան Նարէ, Արապաղեան Հրակ, Պուչաքճեան Արին, Տէրունեան Շանթ, Տէր Պետրոսեան Շաղիկ, Հանտեան Սերուժ, Խտրլարեան Նարոտ, Գապագեան Գրիգոր, Մեսրոպեան Մեղրի, Գարավարդանեան Ռոստոմ, Մեսրոպեան Սթեֆանի, Կիտանեան Սէրուժ, Փոլատեան Նանսի, Զէքեան Ժագ, Թապուճեան Դալար, Մումջօղլեան Նանսի:

Վկայականներու բաշխումէն ետք հանդիսութիւնը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգով:

Share this Article
CATEGORIES