Նուէր «X»-ին. Նորաստեղծ «Տիգրանեան Համալսարան»-ին

ԴՐՕ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Kouyoumdjian_10-1Նոր Գիւղ…

Ամէն չարիքի մէջ բարիք մը փնտռելը մարդ արարածին ազնուագոյն զգացումներու դրսեւորումն է, աստուածավախութիւն, մխիթարանք, տեսակ մը հոգեկան հաշտութիւն` իր կրած անսպասելի ու պարտադիր տաժանքին, կորուստին ու դժբախտութեան հետ: Խորքին մէջ ո՛չ այդ չարիքն էր պէտք, ոչ ալ հաշտութիւնը:

Բայց եկուր տես, որ այդ չարիքը (կամայ-ակամայ) դիպուածի մը հետեւանքը չէր, այլ գծագրուած, ծրագրուած արարք, մեծ ախորժակներու` շարաներու կոկորդներով ու որկորներով ՄԵԾՆ ՍՈՒՐԻՈՅ տարածքը մէկ պատառով կուլ տալու համար:

Խեղճ Հալէպ…

Հարիւրաւոր այլանդակ վիրաւորներ, հաշմանդամներ, զոհեր, դիակներ, այրած, աւերուած ու քանդուած շէնքեր, իրարու վրայ փլած, յենած պատշգամներ, մուր ու ծուխի հետ արիւնաներկ պատեր, մեծ ու փոքր ժայռեր, կոտրտած, այրած ինքնաշարժներ, քարակոյտերով լեցուած անիւներ, աւազի պարկեր, արգելափակուած պողոտաներ, փշրուած ապակիներու կոյտեր, երկաթեայ ճաղեր, ծռմռտած ցանկապատեր, դուռ ու պատուհան, կոտրտուած պահարան, աթոռ-սեղանի մնացորդաց եւ… Անյոյս, կատաղի, խելագար խառնարան… Իրենք իրենց հետ խօսող գլուխներ, ի սպառ քայքայուած տնտեսութիւն, հաւաքական գաղթ, մօտալուտ սովի, չքաւորութեան, աղքատութեան ուրուական, բարեգործ մարդոց անկարողութիւն, կարիքաւորութիւն, բարեսէր ձեռքերու խեղճութիւն, թուլութիւն, ելեկտրական հոսանքի անջատում, ջրհորներու աշխուժ բանեցում, ողորմութիւն, կեանքի կոչ, շարուէ շարան ջրաբաշխումի հերթ… կազի հերթ… իրարանցում:

Նոր Գիւղ…

Ի տես այս բոլորին` ամայացած, լքուած թաղամասեր, Շէյխ Մաքսուտի, Պոսթան Փաշայի շրջաններէն թիրախ դարձած թաղամասերու լայնքին ամրապնդուած վարագոյրներ, անգործութեան մատնուած ազգային հաստատութիւններու տխուր վիճակ, անապահով թաղերէ անցորդներու, հրապարակները կտրող-անցնողներու կայծակնային վազք, երբեմնի կեանքով ու եռուզեռով լեցուն Ճեմարանի այժմեայ որբութիւն, քար լացնող մինակութիւն, ամայութիւն, աղաւնիներով, կուկուսիներով լեցուած Նոր Գիւղի նոր բնակարաններ, Զաւարեան-Սահակեան վարժարաններու վնասուած կառոյցներ, հազարաւոր աշակերտներու ճռուողիւնի, զբօսանքներուն մինչեւ երկինք բարձրացող մանկական զուլալ, լիաթոք ուրախութեան, արձակման զանգին հետ աջ ու ձախ վազվզուքի անէացում, պասերու յաջորդական աղմկալի եռուզեռի դադրեցում, ՍՕ խաչի մեղուաջան անդամուհիներու տերեւաթափ, մեղրահամ փեթակի քանդում, խանութպաններու, սանտուիչ պատրաստողներու, գրավաճառներու ուսանողներուն սպասող սառած աչքեր, եւ… եւ… մառաններու մէջ…:

Արդեօք կա՞յ հայ մը, որ Նոր Գիւղի որեւէ անկիւն կանգնած, իր շուրջը դիտէ ու չփշաքաղի, չարտասուէ, չլայ ու չողբայ Նոր Գիւղի նոր վիճակին, մեր հոգեւոր ամրոցին` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նոր պատկերին ի տես: Քար սիրտն անգամ կը կակուղնայ…. «Կիլիկիա» համալիրի ամայացում, «Սիս» նորակառոյց համալիրի դեռ խերն անգամ չտեսած բնակարանատէրներ… ժամանակաւոր բնակարաններու վերածուած մառաններ, գետնայարկ, համեմատաբար աւելի ապահով սրահներ, սֆինճ-ծածկոցի հաւաքական նոր կեանք, մնացորդաց մեղուներ, կամաւոր Տիկնանց յանձնախումբեր, տեղահան դարձած ժողովուրդին համար նախաճաշ-ճաշ-ընթրիքի ապահովման մտահոգութիւն, նիւթական ժուժկալութիւն, վազվզուք, այս վիճակին մէջ անգամ բարերարներու գոյութիւն եւ… եւ… զո՞րն ասեմ:

Ահա ա՛յս Նոր Գիւղի նոր դրութեան մէջ ծնաւ բարիք մը, մխիթարանք մը, բարձրացաւ հսկայական շէնք մը, ոգեղինացած մեծութիւն մը, հսկայ` բայց խեղճուկ տարածքի մը մէջ, 124 յարկանի ամրակուռ ու սրբակերտ կառոյց մը, որուն հիմքը դրուած էր աւելի վաղ ժամանակներէ` 1890 թուականէն ի վեր. մեր նախահայրերը փորփրեցին այդ տարածքը ու յայտնաբերեցին այնպիսի սրտեր, որոնք դարձան գաղափարի ժայռեր, ազգային հաւատամքի պաշտպաններ, հայրենիքի անկախութեան ու նաեւ մայր գաղութ ՀԱԼԷՊի շինարարներ:

Տիգրանեան նորաստեղծ համալսարան…

Բարձրայարկ այս շէնքին նայողը, ոտքերը գետին, բարձրագոյն յարկը տեսնելու փոխարէն եթէ ցանկայ իմանալ այդ բարձրութեան պատմութիւնը, ոգիի մեծութիւնը, անպայման պիտի հանէ իր գլխարկը ու խոնարհի անոր դիմաց` իր ճակատը բարձր պահելուն համար: Ահա այս կառոյցի հովանին է, որ արեւածագէն մինչեւ իրիկնամուտ ներկայ է, տաք, կիզիչ ու դաժան մթնոլորտը կը զովացնէ` գուրգուրացող հօր ու մօր անսահման հոգատարութեամբ: Անոր ոգին կը թեւածէ Նոր Գիւղի մնացորդացին, Թէլէֆոն Հաուաի, Սուլէյմանիէի, Սայրաֆիի, Վիլլաներու, Ազիզիէի ողջ հայութեան վրայ, անշուշտ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ: Այստեղ իրաւունք չունինք ծառայութեան անոր դաշտին մէջ կատարելագոյնը փնտռելու, կամ անոր աշխատանքներուն մէջ թերութիւններ գտնելու միտումով` լոկ մեր ցանկացածը տեսնելու, կարեւորը այս կառոյցին ոգին է, ազգի մէկ, անբաժան ամբողջութեան մէջ թեւածող, անշահախնդիր մօտեցող, ազգային պատկանելիութեան գիտակցութեամբ, նուիրումի պատրաստակամութեամբ, հաւաքական կեանքի ծառայութեան կոչուած հայու ոգին. ոգի, որ կը թեւածէ այս «համալսարան»-ին մէջ, որուն դահլիճներուն մէջ կը դասաւանդուի անգիր, անգիրք ու անխօս գործը միայն, նահատակաց կանչին, պատկանելիութեան գիտակցութեան, ազգի արիւնին արձագանգող գործը:

Ապշելու բան, բայց ոչ զարմանալի:

Արդ, ովքե՞ր են այդ «համալսարան»-ի աշակերտները, որոնք տարիքային անհամեմատ տարբերութեամբ մէկտեղուած են անոր դասարաններուն մէջ: Պարզ է, որ ուսանող մը համալսարան յաճախելու համար, մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ երկրորդական աւարտած պէտք է ըլլայ, բայց եկուր տես, որ այս կառոյցին մասնակիցներու նկատառելի մասը չունի բարձրագոյն վկայական (անշուշտ ունեցողներ կան) եւ առհասարակ արհեստաւորներու փաղանգ մըն է` առանց դաւանանքի տարբերութեան, այլ միայն ՀԱՅ. փականագործ-սաճի գործ ընող, մեքանիք, ներկարար, նախապէս փողկապով պտտող ոսկերիչ… ձեռքը տաքէն պաղին չխառնող վաճառական, նոյն դասարանին մէջ նաեւ պեխ ու մօրուսով, սպիտակահեր կնճռոտած դէմքով ՀԱՅ: Կազմակերպ, կամաւոր այս նուիրեալներուն, ի՞նչը եւ ո՞վ անջատեց թուլամորթներու, «ես»-երու, բամբասողներու, շաղակրատ կռկռաններու շարքերէն, ո՞վ անջատեց զիրենք գործի մարդ դարձնելու, ազգասիրութեան բարձրագոյն վկայականին արժանացնելու համար, եթէ ոչ հայուն արեան ու հոգիին կանչը, պատկանելիութեան գիտակցութիւնը, հաւաքական կեանքին ծառայելու սրտի տրոփիւնը:

Փառք ու պատիւ ձեզ տղաք:

«Ձեր Աստուածը սիրեմ… Ձեր ազգին… Ձեր օրէնքին մատաղ ըլլամ… Ձեր, ձեր քիթապը պաշտեմ», արաբերէնով կը գոչէր անզուսպ սիրտ մը` դղրդացնելով ամայացած Նոր Գիւղի եկեղեցւոյ կամարները, ուշ ժամուն խանգարելով շրջանի մեռելային լռութիւնը: Խաւար գիշեր մըն էր, երբ երկրիս պատասխանատու բարձրաստիճան զինուորականներէն մէկը պահակներու հսկողութեան կէտերը, հերթափոխութեան կեդրոնները կ՛առաջնորդուէր մերոնց հետ, զուսպ ու զգուշ քայլերով հերթական քննութեան կու գար` մերոնց վիճակը տեսնելու, ու հազիւ ոտքը դրած սրբավայրէն ներս, ի տես եկեղեցւոյ խուլ անկիւնէ մը յանկարծակի իր դէմ ցցուած, հսկողութիւն կատարող քահանայ հօր` բերանը բաց, ապշած, կցկտուր, խռպոտ ձայնով կը գոչէր.

«Ձեր մէջ առէք զիս… ձեր մէջ … Ես հայ կ՛ուզեմ ըլլալ, հայ… մինչեւ իսկ քահա… դուք… անմեռ էք, անմեռ…» ու քահանայ հօր այնպէս սեղմեց կրծքին, որ կարծես պատերազմի դաշտին մէջ տարիներէ ի վեր կորսնցուցած իր հարազատ եղբայրը վերագտած ըլլար, ու… արցո՞ւնք թէ ուրախութիւն, հիացմո՞ւնք թէ հպարտութիւն, Սուրիական հայրենիքին նկատմամբ սէ՞ր, գուրգուրա՞նք, նուիրուածութի՞ւն… անկասկած` բոլորը միատեղ:

Share this Article
CATEGORIES