Սերժ Սարգսեան Շնորհաւորեց Եւրոպական Յանձնաժողովի Նոր Նախագահը

1607Jean-Claude-Juncker1

Ժան Քլոտ Եունքեր

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց  Ժան Քլոտ Եունքերին` Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին  ընտրուելու առիթով:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ուղերձին մէջ յոյս յայտնեց, որ Ժան Քլոտ  Եունքերի պաշտօնավարութեան ընթացքին Եւրոպական յանձնաժողովին հետ Հայաստանի արդիւնաւէտ գործակցութիւնը պիտի շարունակէ  զարգանալ եւ խորանալ` բանալով փոխշահաւէտ համագործակցութեան նոր հեռանկարներ:

«Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութիւնը մեծապէս նպաստած է Հայաստանի մէջ արդիւնաւէտ կառավարման, ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան եւ այլ մարզերու մէջ բարեփոխումներու իրականացման, զորս մենք մեծապէս կը գնահատենք», Եւրոպական յանձնաժողովի նորընտիր նախագահին գրած  է Հայաստանի նախագահը:

Share this Article
CATEGORIES