Թուրքիոյ Վաքըֆ Գիւղին Մէջ Մնացած Վերջին Քեսապահայերը Վերադարձած Են Քեսապ

1607Kessab«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Քեսապ վերադարձած է թուրք-սուրիական սահմանի թրքական կողմը գտնուող հայկական Վաքըֆ գիւղին մէջ գտնուող քեսապահայերու վերջին խումբը:

Միայն վեց քեսապահայեր փաստաթուղթերու բացակայութեան պատճառով մնացած էին Վաքըֆ գիւղին մէջ: Մէկուկէս ամսուան սպասումէ ետք վերջապէս վերադարձած են Քեսապ:

Նշենք, որ 15 յունիսին Քեսապի վերագրաւուելէն ետք Լաթաքիոյ մէջ ապաստանած քեսապահայերը սկսած էին վերադառնալ իրենց պապենական օրրանը:

 

Share this Article
CATEGORIES