Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր մեծաւորները պիտի գնահատեն եւ գովեն ձեր գործունէութիւնը: Այս գնահատանքը պիտի մղէ ձեզ լաւագոյնս յառաջանալու, եթէ նոյնիսկ փոքր թերութիւն մը ունեցած ըլլաք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դիմեցէք անձի մը խորհուրդին, եթէ չէք գիտեր, թէ ձեզի համար ո՞ր մէկն է լաւը կամ բարին: Զգուշութիւնը միշտ ձեռնտու է, իմաստութիւն է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հրապարակային հանդիսութեան մը կամ տօնական առիթի մը ընթացքին պիտի ըլլաք գլխաւոր դերակատարը կամ օրուան անձնաւորութիւնը: Բախտաւոր զգացէք դուք ձեզ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դուք ձեզ անտեսանելի անձի մը կը վերածէք, բայց լաւ գիտցէք, որ ձեր այս կեցուածքը կրնայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ ձեր շրջապատին վրայ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ձեր տրամադրութեան տակ ունիք փոքրահասակ աշակերտներ կամ զաւակներ, ընթերցանութեան մղեցէք զանոնք, արթնցուցէք անոնց երեւակայութիւնը, երազելու:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կարգ մը ծրագիրներ ունիք երկուքով իրագործելու, բայց ձեր ընկերը ձեզի նման չի մտածեր: Մնացէք հաստատ ձեր կարծիքին վրայ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ կալուածի մասին փնտռտուքներ ունիք, պիտի չկարենաք հանգիստ կերպով կատարել ձեր փափաքը: Ուրեմն քիչ մը եւս համբերեցէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Քունի եւ արձակուրդի պէտք ունիք: Այս կը նշանակէ, որ հանգիստի կարիք ունիք, շատ վազվզած էք: Մտածեցէք ձեր ֆիզիքական առողջութեան մասին:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր սիրային յարաբերութեան: Գլուխ գլխի հանդիպում մը անհրաժեշտ է այս օրերուն: Նկատի առէք այս հարցը, կը շահիք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ կ՛ուզէք հարց մը կարգադրուի, խնդիր մը լուծուի, ջղայնութեամբ մի խօսիք, այլ հանդարտ զրոյցի նստեցէք, կը հասկցուիք: Օրը բարի է:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կարգ մը նախաձեռնութիւններ քիչ մը մտածել կու տան եւ ջիղերը արթուն կը պահեն: Որքան որ կրնաք հանդարտութիւն փնտռեցէք: Կը գտնէք բարին:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ կ՛ուզէք կանուխ ձգել ձեր աշխատանքը` որոշ հարցի մը պատճառով, խօսեցէք ձեր վարպետին կամ տնօրէնին հետ, որպէսզի թոյլատրէ ձեզի ձեր ուզածը կատարել:

 

Share this Article
CATEGORIES