Չելսի Եւ Տիեկօ Քոսթա 5 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեցին
Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը յայտարարեց, որ իր կազմին միացուցած է Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Տիեկօ Քոսթան` անոր հետ 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով:
25 տարեկան Քոսթա նախորդ տարեշրջանին իր ակումբին` Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ «Լա Լիկա»-ի մրցումներուն նշանակեց 27 կոլ: Ան 2013-2014 տարեշրջանին երրորդ լաւագոյն ռմբաձիգն էր` Քրիսթիանօ Ռոնալտոյէն եւ Լիոնել Մեսսիէն ետք:
CATEGORIES Մարզական

