Ֆրանսացի Քապելլա Միացաւ Նիւքասըլի

69289Ֆրանսացի միջնապահ Ռեմի Քապելլա նախորդ շաբաթավերջին իր ակումբը` Մոնփելիէն լքելով միացաւ Նիւքասըլի: Ան անգլիական կազմին հետ վեց տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Թէեւ 24 տարեկան Քապելլա մաս կը կազմէր Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին, սակայն իր մասնակցութիւնը չբերաւ 2014-ի Մոնտիալին:

Ըստ անգլիական մամուլին, անոր փոխանցման համար Նիւքասըլ Մոնփելիէի վճարեց 20 միլիոն ամերիկեան տոլար:

Share this Article
CATEGORIES