Ըստ «Մարքա»-ի. Քէյլոր Նաւաս Պիտի Տեղափոխուի Ռէալ Մատրիտ
Քոսթա Ռիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Լեվանթէի բերդապահ Քէյլոր Նաւաս շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Ռէալ Մատրիտի հետ, կը յայտնէ «Մարքա»:
Վերջերս Պայէրն Միւնիխ համաձայն գտնուած էր իր կազմին միացնելու Նաւասը` անոր համար վճարելով 10 միլիոն եւրօ: Նոյնը կատարած էր նաեւ Ռէալ Մատրիտ:
Այնպէս կը թուի սակայն, որ Նաւաս պիտի տեղափոխուի Ռէալ Մատրիտ, որուն բերդապահը` Տիեկօ Լոփես, պիտի լքէ իր կազմը: Լոփեսով հետաքրքրուած են Նափոլի, Մոնաքօ եւ շարք մը այլ ակումբներ:
CATEGORIES Մարզական

