Ժուլիօ Սեզար Պիտի Տեղափոխուի Պենֆիքա

1607julio_cesarՄիջազգային շարք մը լրատու գործակալութիւններու համաձայն, որոնց կարգին` «Ռեքորտ», Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Ժուլիօ Սեզար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Պենֆիքայի հետ:

Փորթուգալեան ակումբը արդէն իսկ համաձայնութեան եկած է 34 տարեկան բերդապահին հետ, որ շուտով պիտի միանայ իր նոր կազմին, Եան Օպլաքի Աթլեթիքօ Մատրիտ փոխանցումէն անմիջապէս ետք:

Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Ժուլիօ Սեզար Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզէն փոխ տրուած էր Թորոնթոյի:

Share this Article
CATEGORIES