Դանիոյ Դէմ Մրցումէն Առաջ Հայաստան Պիտի Մրցի Իրաքի Դէմ

ՖԻՖԱ-ի պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած լուրերուն համաձայն, 3 սեպտեմբերին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը միջազգային բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Իրաքի դէմ: Շատ հաւանաբար Հայաստան ըլլայ հիւրընկալող կողմը:

Իրաքի դէմ մրցումը պիտի ըլլայ նախապատրաստական հանդիպում մը Հայաստանին համար, որ 7 սեպտեմբերին հիւրը պիտի ըլլայ Դանիոյ` Եուրօ-2016-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:

Հայաստանի մարզիչ Պեռնար Շալանտ շատ հաւանաբար մինչեւ այս ամսուան աւարտը, կամ` յառաջիկայ ամսուան սկիզբը, հրապարակէ իր ընդլայնուած կազմը, որպէսզի այդ կազմին անդամները նախապատրաստուին այդ մրցումներուն:

Share this Article
CATEGORIES