Ալլեկրի Նշանակուեցաւ Եուվենթուսի Մարզիչ

Անթոնիօ Քոնթէ

Մասիմիլիանօ Ալլեկրի
Եուվենթուսի հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Մասիմիլիանօ Ալլեկրի նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ` փոխարինելով Անթոնիօ Քոնթէն, որ խզեց մինչեւ 2015 երկարող իր պայմանագրութիւնը` համաձայնութեան գալէ ետք ակումբին պատասխանատուներուն հետ:
46 տարեկան Ալլեկրի, որ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր ակումբին հետ, տարեկան պիտի գանձէ 2 միլիոն եւրօ:
CATEGORIES Մարզական

