Ճէյմսի Վերադարձը Քլիվլենտ Քաղաքին Տարեկան 500 Միլիոն Ամերիկեան Տոլար Պիտի Ապահովէ

1607lebron«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փայլուն աստղերէն եւ չորս անգամ տարուան լաւագոյն մարզիկի տիտղոսին տիրացած Լեպրըն Ճէյմսի Քլիվլենտ Քաւալիրզ վերադառնալու որոշումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ քաղաքին եւ Օհայօ նահանգին հիւսիսարեւելեան շրջանին վրայ:

«Պլումպըրկ»-ի համաձայն, անոր վերադարձը Քլիվլենտի պիւտճէն տարեկան 500 միլիոն ամերիկեան տոլարով պիտի աւելցնէ:

Բնականաբար այդ գումարները պիտի ապահովեն տոմսերուն վաճառքները, ինչպէս նաեւ ճաշարաններուն եւ պանդոկներուն վրայ կատարուած ծախսերը:

Share this Article
CATEGORIES