Թուրքիոյ Նախագահական Պալատը Բռնագրաւուած Է Գասապեաններէն

1807_cankayaԸստ Թուրքիոյ պաշտօնական պատմութեան, Անգարայի Չանգայա շրջանը գտնուող Թուրքիոյ նախագահական ապարանքը, որ Աթաթիւրքի ժամանակաշրջանէն ի վեր կը գործածուի իբրեւ նախագահութեան բնակավայր, ծախու առնուած է սեփականատէր Պուլկուրճուզատէ ընտանիքէն: Մինչդեռ իրականութիւնը այդպէս չէ: Չանգայայի ապարանքը նախապէս կը պատկանէր ո՛չ թէ Պուլկուրճուզատէ ընտանիքին, այլ անգարացի Գասապեան ընտանիքին:

Համացանցի «Պիյանեթ» կայքին վրայ Շեհմուս Տիքենի ստորագրութեամբ հրատարակուած է այս մասին լրատուութիւն մը, ուր Չանգայան կը ներկայացուի որպէս «ապարանք մը, որուն ծանրութիւնը դժուար է կրել»:

«Պաշտօնական պատմութիւնը որքա՛ն ալ պնդէ, թէ Պուլկուրճուզատէ ընտանիքը այս շէնքը իր կարասիներուն հետ գնած է Գասապեան ընտանիքէն, ասիկա ճիշդ չէ` ըստ Գասապեան ընտանիքի այսօրուան ժառանգորդներէն Եդուարդ Չուխաճըի: Եդուարդ Չուխաճը կը պատմէ, որ Չանգայայի շէնքը Գասապեաններուն կողմէ ոեւէ մէկուն ծախուած չէ, այլ շէնքը պարզապէս բռնագրաւուած է 1915-ի տեղահանութենէն ետք», կը գրէ Տիքեն:

Ան «կը վերանորոգէ» պատմութիւնը` նշելով, որ 1919-ի կիսուն, երբ Մուսթաֆա Քեմալ Անգարա կու գայ, նախ իբրեւ բնակավայր ու աշխատավայր կը գործածէ Հողագործական վարժարանը, ապա` շոգեկառքի կայարանի նախագահի ապարանքը: Բայց աւելի ուշ, թէ՛ ինք, թէ՛ զինք շրջապատողները կը մտածեն, որ այս շէնքերը բաւարար չեն «փաշային»: Ուստի կը սկսին փնտռելու նոր վայր մը: Աթաթիւրք կը հաւնի պարտէզներով շրջապատուած այս շէնքը եւ Թեֆիք Պուլկուրճուզատէէն ծախու կ՛առնէ` վճարելով Անգարայի ծանօթ ընտանիքներէն հաւաքուած 4500 լիրա գումար մը:

Տիքեն կ՛ըսէ, որ ապարանքը իրականութեան մէջ կը պատկանէր Անգարայի հայերէն` 1857-ի ծնունդ Յովհաննէս Գասապեանին: Այս անձը, մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը զբաղէր «Անկորա» կոչուած Անգարայի նշանաւոր այծի բուրդը Անգլիա արտածելով: 1915-ի օգոստոսին 1200 անգարացի հայեր` չորսական խումբերու ձեւով իրարու կապուած, կը տեղահանուին, կը տարուին Անգարայէն դուրս ու հոն կը սպաննուին: Այլ 1500 անգարացի հայեր, օգոստոս 29-ին յատուկ կարաւանով մը աքսորի կը ղրկուին դէպի Հալէպ: Այս 1500 հոգիէն հազիւ 34-ը կը յաջողի հասնիլ մինչեւ Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան կողմը, Եփրատի ափերը, Մեզքենէ կոչուած ճամբարը: Ասոնցմէ միայն Գասապեան ընտանիքի անդամներն են, որոնք իրենց փեսաներէն մէկուն կողմէ` Գոնիայի ճամբուն վրայ կ՛առնուին կարաւանէն, կը փախցուին եւ արտասահման կը ղրկուին:

Պաշտօնական պատմութիւնը կը պնդէ, որ Գասապեան ընտանիքը Գասապեան ապարանքը կարասիներով միասին Պուլկուրճուզատէներուն վաճառած է: Մինչդեռ ներկայիս Օթթաուա բնակող Եդուարդ Չուխաճը կը պատմէ, թէ Գասապեան ընտանիքը ոչի՛նչ ծախած է: Ամէն ինչ բռնագրաւուած է ընտանիքէն: Տակաւին, Քեչիէօրենի մէջ դաշտային բնակարան մը եւս բռնագրաւուած է անկէ եւ Գոչ ընտանիքի սեփականութիւնը դարձած է:

Տիքեն, որ յայտնապէս քիւրտ է, կ՛ըսէ, թէ ներկայիս երեք անձեր հրապարակ իջած են` որպէս հանրապետութեան նախագահի ընտրութեանց թեկնածու: «Մէկը մերինն է (Տեմիրթաշի կ՛ակնարկէ), իսկ միւս երկուքը` դիմացի կողմէն են: Յայտնի է, որ մերինը շահելու հաւանականութիւն չունի, բայց ըսելիք խօսք ունի, գլուխ ունի: Ուստի, իրմէ կը սպասենք, որ բացայայտէ Չանգայայի կապուած այս իրողութիւնը, որովհետեւ Սալահետտին Տեմիրթաշն ալ գիտէ, որ Չանգայայի բարձունքի զառիվերի վերջակէտին վրայ գտնուող հանրապետութեան նախագահական նստավայրը բեռ մըն է, որուն ծանրութիւնը դժուար է կրել», կ՛եզրակացնէ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES