Թուրքիոյ Նախագահական Թեկնածու Տեմիրթաշ. «Ես Հայկական Թաղի Մէջ Մեծցայ Եւ Հասկցայ, Թէ Հայերը Ինչպիսի Խտրականութեան Ենթարկուած Են»
Քրտամէտ ժողովրդային կուսակցութեան («Հէ. Տէ. Փէ.») համանախագահ եւ Թուրքիոյ նախագահութեան թեկնածու Սելահաթթին Տեմիրթաշ Պոլսոյ` Կալաթասարայի «Ճէզայիր» հաւաքասրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ հայ, յոյն, հրեայ եւ ասորի համայնքներէն հրաւիրուած անձերու հետ եւ ընդգծեց իրարու հետ միասնութիւն պահելու, ամէն տեսակ խտրականութիւն դիմագրաւելու հրամայականները: Տեմիրթաշ բաւական աշխուժ ընտրապայքար մը կը մղէ եւ վստահ պիտի ապահովէ Թուրքիոյ քիւրտ քաղաքացիներուն քուէները: Թուրքիոյ 75 միլիոն բնակչութեան 14-15 միլիոնը քիւրտեր են: Տեմիրթաշ` քիւրտերու կողքին, կը փափաքի շահիլ համակրանքը նաեւ տարբեր կրօնական համայնքներուն: Վերոնշեալ հանդիպման Տեմիրթաշին կ՛ընկերակցէին Պոլսոյ երեսփոխան Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտէր, հայերու նկատմամբ իր համակրանքով յայտնի Սուր գաւառի նախկին քաղաքապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշ եւ «Հէ. Տէ. Փէ.»-էն ներկայացուցիչներ: Դռնփակ նիստէ մը առաջ Տեմիրթաշ խօսք ուղղեց ներկաներուն եւ ընդգծեց այն կարգախօսը, թէ` «Մեր հողը մեր հայրենիքն է»: Ան շեշտեց, որ բոլոր անիրաւուածներուն ու ճնշուածներուն իրաւունքները պաշտպանելով ընկերային հաշտութեան համակարգ մը ստեղծելու արշաւի պիտի ձեռնարկէ: Ան ըսաւ, որ ձեռք ձեռքի տալով վերջ պիտի տրուի ամէն տեսակ խտրականութեան:
«Մանկութենէս ի վեր գտնուած եմ խտրականութեան ենթարկուած հատուածներու մէջ», ըսաւ Տեմիրթաշ: «Ես մեծցայ հայկական թաղամասի մը մէջ: Քանի մեծցայ, այնքան աւելի լաւ հասկցայ, թէ ինչպիսի՛ խտրականութեան ենթարկուած էին հայերը: Հասկցանք, որ մենք ալ Թուրքիոյ մէջ միշտ «ուրիշ»-ը նկատուեր ենք եւ լուր իսկ չենք ունեցած: Քանի մեծցանք ու պետութեան հետ երես առ երես եկանք, հասկցանք ճշմարտութիւնը: Ես ալ հասկցայ, թէ ի՛նչ էր տիրող մտայնութիւնը. «Եթէ կրնաս յարմարիլ «Մէկ լեզու, մէկ կրօնք կայ» վարկածին, այն ատեն կրնաս ապրիլ համահաւասար հայրենակիցի նման»:
Տեմիրթաշ ըսաւ, որ այս հաւաքոյթին նպատակը քուէ ապահովել չէ: Ասիկա ցարդ կազմակերպած իր հաւաքներուն ամէնէն նշանակալիցն է: Անոր նպատակն է իրականացնել երես առ երես գալու պատմական հանգրուան մը եւ ամուր հիմերու վրայ դնել իրենց տեսլականը:
Տեմիրթաշ ըսաւ, որ, հակառակ ամէն տեսակ ճնշումի ու պարտադրութեան, հակառակ մէկ ազգ հասկացողութեան, մենք` «ուրիշ»-ներս, պիտի շարունակենք ապրիլ միասնաբար: Թէ՛ պիտի ապրինք, թէ՛ զմեզ պիտի կառավարենք: Բոլոր անոնց, որոնք միայն ազգութեան ու ցեղապաշտութեան մասին կը խօսին, մենք յամառօրէն պիտի ըսենք, որ մենք այս հողերուն մասնիկներն ենք, այս հայրենիքին հաւասար տէրերն ենք»:
Տեմիրթաշ իր ճառախօսութեան ընթացքին խօսեցաւ Թուրքիոյ պետութեան կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեանց մասին: «Պետութիւնը պարտական է ներողութիւն խնդրել հայերէն, յոյներէն եւ ասորիներէն: Ասիկա կարեւոր է նաեւ այն պատճառով, որ պիտի հաստատէ, որ այս հողերուն վրայ այլեւս ցեղասպանութիւն պիտի չգործադրուի: Մենք կ՛ուզենք եղբայրաբար ապրիլ թուրքերուն հետ, բայց եթէ այս հողերուն վրայ կայ հայ մը, որմէ ներողութիւն չէ խնդրուած, այդ եղբայրութիւնը կը հակասէ արդարութեան: Այս պարտքը թուրք ժողովուրդին ճիտին չենք կրնար կապել: Պետութիւնը պէտք է խնդրէ: Ալեւիներուն կամ հայերուն ներողութիւն խնդրել պարտական ենք: «Իմ հողս, իմ հայրենիքս» ըսելու տեղ պէտք է ըսուի` «Մեր հողը, մեր հայրենիքը»:
Իր ճառախօսութեան աւարտին Տեմիրթաշ ըսաւ. «Երէկ ալեւիներու հետ էինք, այս առաւօտ Պոլսոյ մէջ մէկտեղուեցանք հայերու, ասորիներու ու յոյներու հետ, գիշերն ալ մահմետականներու պիտի միանանք իֆթարի առիթով: Մենք այսպիսի կեանք մը կառուցել կը ջանանք»:
Տեմիրթաշ ի մէջ այլոց ըսած է հետեւեալը. «Մահմետական մը մահմետական է ա՛յն ատեն, երբ կը պաշտպանէ նաեւ հայուն կամ յոյնին իրաւունքը»:

