«Թուրքիոյ Մէջ 57 Հայկական Վաքըֆ Կայ Ու Ասիկա Մտահոգիչ Է»

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Ինչպէս քանիցս հաղորդած ենք, Թուրքիոյ մէջ կայ ու կը գործէ «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն» մը (ԱՍԻՄՏԷՐ), որ պարբերաբար հրապարակ կ՛իջնէ հայերու դէմ գրգռութիւններ ընելու կամ հակահայ դիրքաւորումներ արտայայտելու նպատակով:

Այս անգամ միութեան հարաւ-արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչ Իրֆան Էրմիշն է, որ խօսեցաւ հայերուն դէմ` այդ ալ շատ գրգռիչ ոճով: Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ մէջ 57 հայկական «վաքըֆ»-ներ, (համայնքապատկան կալուածներ) կան, ու ասիկա մտահոգիչ է, եթէ նկատի առնուի այն, որ անցեալին հայկական վաքըֆներն էին, որ պատրաստեցին թուրքերու դէմ հայկական ապստամբութիւնները:

Միութիւնը ներքին նախարարութեան ու Պոլսոյ կուսակալութեան դիմում կատարած է, որպէսզի տեղեկութիւն ստանայ այսօրուան հայկական վաքըֆներուն գործունէութեան ու անոնց անդամներուն թիւին մասին:

«Մասնաւորաբար մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ այն իրողութիւնը, որ Պոլսոյ մէջ 52 հայկական վաքըֆ կայ: Եթէ այս բոլոր վագըֆներուն հիմնարկութեան նպատակը նոյնն է, ինչո՞ւ մէկ նահանգի մէջ այսքան շատ վաքըֆ հիմնուի: Այս հարցումը պէտք է քննարկուի», ըսած է Իրֆան Էրմիշ: Ան յատկանշական գտած է այն, որ հայկական վաքըֆները հիմնուած են զգայնութիւն ներկայացնող քաղաքներու մէջ, ինչպէս` Պոլիս, Տիգրանակերտ, Մարտին կամ Հաթայ: Ան աւելցուցած է հետեւեալ անիմաստ պնդումը.

«Կարգ մը հայեր, որոնք նեցուկ կը կանգնին ահաբեկչութեան, ներկայիս կ՛ապրին Թուրքիոյ մէջ: Ո՞վ կրնայ վստահեցնել, որ անոնք վաղը պիտի չարթննան իրենց քունէն: 1988-ին հայերը քննադատուեցան Ղարաբաղի մէջ իրենց ըրածներուն համար: Իսկ հայերը, զէն ի ձեռին, ամէն բանի  պատրաստ էին: Ամէն մարդ ալ զարմացած էր, որ հայերը ինչպէ՞ս այսքան շատ զէնք կրցած էին ունենալ: Մինչդեռ անոնք տարիներ առաջուընէ պատրաստուած էին: Հիմա ուրկէ՞ գիտէք, որ Թուրքիոյ մէջ առկայ հայկական վաքըֆները այս նպատակով կազմակերպուած չեն: Հայերը առիթի մը կը սպասեն: Օսմանեան շրջանին ալ մեզ կռնակէն զարկին: Ատկէ զատ պէտք չէ մոռնալ այն, ինչ որ ըսած է հայ կղերական մը. «Ինչ պայմաններու մէջ ալ ըլլանք, մեռցուցէք եթէ թուրք մը կամ քիւրտ մը տեսնէք»: Այս պատճառով է, որ մենք` որպէս ԱՍԻՄՏԷՐ, իշխանութիւններէ տեղեկութիւն ուզեցինք հայկական վաքըֆներուն գործունէութեան ու անոնց վրայ եղած հսկողութեան մասին», ըսաւ Էրմիշ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES