Թուրքիոյ Փոքրամասնութիւններուն Երկու Միլիառ Տոլարի Կալուա՞ծ Վերադարձուած Է

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ» 

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վերջերս ըսած էր, որ փոքրամասնական հիմնարկներուն վերադարձուած կալուածներուն արժէքը 2 միլիառ տոլարը անցաւ: Սակայն կը հաղորդուի, որ ո՛չ «վաքըֆ»-ներու (համայնքապատկան կալուածներու) ընդհանուր տնօրէնութիւնը, ո՛չ ալ փոքրամասնական «վաքըֆ»-ները այսպիսի գումարի մը մասին տեղեկութիւն ունին:

Թուրքիոյ վարչապետին յիշեալ յայտարարութեան առնչութեամբ կարծիք յայտնած է փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս` ըսելով, որ վերադարձուած կալուածներու արժէքին մասին թիւերով կարելի չէ խօսիլ, որովհետեւ այս մասին տուեալներ գոյութիւն չունին: «Ճիշդ է, որ բաւական կարեւոր կալուածներ վերադարձուեցան, բայց անոնք անխնամ վիճակի մէջ են եւ արժեւորման կը կարօտին», աւելցուցած է ան: «Փոքրամասնութիւնները ցարդ դիմում կատարած են 1500 կալուածներու համար, որոնցմէ միայն 20-25 տոկոսը վերադարձուեցաւ: Գործընթացին կէսը ամբողջացած է, բայց մնացեալը ժամ առաջ պէտք է վերադարձուին, որովհետեւ փոքրամասնական այս հիմնարկները միայն իրենց կալուածներուն շնորհիւ կրնան գոյատեւել ու պահել իրենց մշակոյթները, թերթերը, դպրոցները, հիւանդանոցները: Այս կերպով է, որ արդարութիւն պիտի կատարուի հարիւր տարիէ ի վեր անարդարութեան ենթարկուած այս ժողովուրդներուն ու անոնք պիտի կարենան ապրիլ աւելի բարօր կեանք մը: Երանի 2 միլիառ տոլարէն ալ աւելի՛ ըլլար», ըսած է Վինկաս:

 

 

Share this Article
CATEGORIES