Ֆեթհուլլահ Կիւլէնին Մա՞յրն Ալ Հայ Կամ Հրեայ Էր
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
«Ենի աքիթ» թերթին մէջ ալ այս օրերուն կ՛արծարծուի հարց մը, որ հինէն ի վեր այս երկրին մէջ կը քննարկուի: Մէկու մը համար յանցա՞նք է հայ մօր մը զաւակը ըլլալը, զաւակը ի՞նչ յանցանք ունի, եթէ մայրը հայ է, կամ հրեայ, կամ վերջապէս ոչ թուրք: Հարցումը դարձեալ օրակարգի եկած է, այս անգամ «Ագիթ» թերթը թերեւս առաջին անգամ ըլլալով իր թղթակիցներէն մէկուն գրիչով կը յայտարարէ, թէ հայ մօր մը զաւակը ըլլալը յանցանք չէ: Դրական հաստատում մը ահաւասիկ, որ, դրական ըլլալով հանդերձ, ցաւ կը պատճառէ հայ ժողովուրդին:
Հարցը այս անգամ արծարծուեցաւ Ֆեթհուլլահ Կիւլէն Հոճայի կապակցութեամբ: «Ենի ագիթ» թերթին մէջ հրատարակուեցաւ «Ռապինի որդին Ֆեթհուլլահ» խորագրեալ լրատուութիւն մը, ուր պնդուեցաւ, որ Ֆեթհուլլահ Կիւլէն Սպանիայէն գաղթած Ռապին անուն հրեայ կնոջ մը որդին էր: Բայց, հակառակ անոր որ կը խօսուէր հրէական ծագումի մասին, այն տպաւորութիւնը կը ստացուէր, որ Կիւլէնի մայրը հայ էր: Շատեր այսպէս կը հասկնային:
«Ենի ագիթ»-ի մէջ հրատարակուած այս լրատուութեան դէմ բողոքեց դարձեալ նոյն թերթի աշխատակիցներէն Եավուզ Պահատըրօղլու: Պահատըրօղլուի առարկութիւնը հետեւեալն է` իր հիմնական գիծերուն մէջ.
«Բացէ ի բաց պէտք է ըսեմ, որ, ըստ իս, անխղճութիւն է ակնարկել, թէ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի մայրը հայ է եւ այս ենթադրութենէն մեկնելով կարգ մը պնդումներ յառաջ քշել: Նոյնիսկ եթէ այդպէս ըլլայ, ենթադրենք, որ մայրը հայ, յոյն կամ հրեայ է, իրաւունք ունի՞նք այս պատճառով նուաստացնելու մարդիկը: Կարգ մը օսմանցի սուլթաններ, որոնց անունները երախտագիտութեամբ կը նշենք, ոչ իսլամ կիներու որդիներ չէի՞ն: Ինչո՞ւ նուաստացումի պատճառ դառնայ հայ կնոջ մը զաւակը ըլլալը, նոյնիսկ հայ ըլլալը: Ես այս ցեղապաշտ մերձեցումը չեմ կրնար իւրացնել»:
Լաւ, բայց ուրկէ՞ ելած էր այն պնդումը, թէ Ֆեթհուլլահ Կիւլէն Ռապին անուն հրեայ կնոջ մը զաւակն էր: Ըստ «Ենի ագիթ» թերթին մէջ հրատարակուած լրատուութեան, Կիւլէն 1986 թուականին իշխանութիւններու դիմած էր անցագիր ստանալու համար: Անցագիրի իր դիմումնագիրին մէջ գրած էր, որ 5 տարուան համար զբօսաշրջական անցագիր մը կը խնդրէր: Դիմումնագիրին մէջ գրած էր, որ իր արհեստը տպագրութիւն է, հայրը Ռամիզ կը կոչուի, իսկ մայրը Ռապին: Մինչդեռ Կիւլէնին մօրը անունը մինչ այդ միշտ գործածուած էր որպէս «Ռեֆիա»: Ռապինը, թէեւ Սպանիայէն գաղթած հրեայ կնոջ անուն ըլլալ կը թելադրէր, բայց ատոր մէջ ոմանք կը տեսնէին հայ ըլլալու ակնարկութիւն:
Կը պնդուէր, որ Ֆեթհուլլահ Կիւլէն իր մօրը անունը Ռապին ցոյց տուած էր պարզապէս անցագիրի ստացումը դիւրացնելու համար: Մասնագէտները դիտել կու տան, որ անցագրային գրասենեակներու մէջ մեքենագրութեան սխալ չի պատահիր, ուստի հոս սխալ չկայ, Ռապին գրուած է, եւ թէ ինչո՞ւ Ռապին գրուած է, այդ մասին միայն ինքը` Ֆեթհուլլահ Կիւլէնն է, որ կրնայ բացատրութիւն տալ:
ՄԱՐՄԱՐԱ.- Այս բոլորին հետեւանքը միշտ նոյնն է: Այսինքն հետեւանքն այն է, որ այս երկրին մէջ մէկու մը գլխուն գործ կը բացուի, եթէ յանկարծ յայտնի դառնայ, որ այդ անձին մայրը հայ էր: Ատենօք այս երկրին մէջ մէկու մը գլխուն գործ բանալու համար կը բաւէր անոր մասին ըսել, թէ «քոմունիսթ» է (համայնավար): Բայց համայնավար ըլլալու չափ վտանգաւոր հարց կամ յանցագործութիւն էր նաեւ այս երկրին մէջ հայ ըլլալը, կամ աւելի ճիշդ` հայկական ծագում ունենալը:
Այսօր այլեւս ոչ մէկուն վնաս կրնաք հասցնել պնդելով, որ ան համայնավար է: Բայց երկրորդը կը շարունակուի: Մէկու մը գլխուն այսօր ալ գործ կը բացուի, եթէ յանկարծ աջէն կամ ձախէն պնդուի, թէ անոր մայրը հայ էր: Պահատըրօղլուի նմանները կրնան հարց տալ, թէ հայ ըլլալը ինչո՞ւ յանցանք կը նկատուի, բայց այս բարեացակամ հարցումն իսկ ունի հայերու համար նեղացուցիչ կամ նուաստացուցիչ շեշտ մը:

